image

«Ի՞նչ երեսով պիտի նային աչքերուս». Էրտողան

«Ի՞նչ երեսով պիտի նային աչքերուս». Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Ափրիկէ կատարած այցի ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ Էրտողանն առաջ քաշած է այն պնդումը,  թէ Հոլոքոսթի եւ 1915-ի դէպքերու միջեւ որեւէ նմանութիւն չկայ՝ որպէս ապացոյց վկայակոչելով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշումը:

Անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանի կայացուցած որոշման եւ փախստականներու հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան առնչութեան մասին, Էրտողանը յայտնած է, որ այդ հարցն ու առանց անցագրի ռէժիմի Եւրոպա մուտք գործելու նման հարցերը կը վերաբերին միայն Եւրամիության:

Այնուհետեւ խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ որոշումին որպէս պատասխան ձեռնարկուելիք  քայլերուն, Էրտողան նշած է. «Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը լաւ նախանշան չէ, սակայն նախ պէտք է լաւ սերտենք եղածը, որովհետեւ զայրոյթով գործի անցնիլն ու վնասով աւարտելը մեզ պատիւ չի բերեր»: Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ տակաւին շուտ է Գերմանիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառելու մասին խօսիլը: «Այստեղ արտաքին ուժի միջամտութիւն կայ, որովհետև քուէարկութեան ընթացքին մէկ ձեռնպահ, մէկ դէմ գրանցուած էր, եւ եղած էին քուէարկութեան չմասնակցողներ»,- ըսած է Էրտողան, նշելով, որ «Արդեօք այս հարցը Գերմանիոյ համար այդքան ազգային նշանակութիւն ունեցող հարց է: Եւ եթէ այդպէս է, ապա ինչո՞ւ այս որոշումը անցեալ տարի չընդունուեցաւ՝ 1915-ի դէպքերու հարիւրամեակին», ըսած է Էրտողան, աւելցնելով՝ «Հիմա ինձ հետաքրքիր է, թէ գերմանացի պաշտօնեաները ի՞նչ երեսով պիտի նային մեր վարչապետին կամ իմ աչքերուս»: