image

Ի՞նչ են Եէմէնի տագնապին ծալքերը.«Washington Post»

Ի՞նչ են Եէմէնի տագնապին ծալքերը.«Washington Post»

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Եմէնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող դէպքերուն, նշելով, որ Ալ Հտէյտա նաւահանգիստի վերջին պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ Եմէն իր պատերազմի վայրագագոյն շրջանը թեւակոխէ:

Յօդուածագիրին փոխանցմամբ, միջազգային միջնորդի ու ԱՄԷ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտարարած են, թէ Հուսիներու հետ բանակցելու յոյսի նշոյլ կայ, սակայն կողմերու միջեւ տարակարծութիւնները տակաւին առկայ են, իսկ պատերազմը պատճառ կը դառնայ, որ մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութիւնը դժուարանայ:

Յօդուածագիրին կարծիքով, Եմէնի պատերազմը երկու կողմերու միջեւ տեղի ունեցող հակամարտութիւն է, որոնցմէ մէկը սէուտական-էմիրաթեան դաշինքն է, որ կը հովանաւորէ Եմէնի կառավարութիւնը, իսկ միւս կողմը Հուսիները հովանաւորող Իրանն է:

Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ նախկին բոլոր բանակցութիւններու անյաջողութեան պատճառն այն է, որ սէուտա-էմիրաթեան կողմը պահանջած է Հուսիներէն իրենց զէնքերը յանձնել ու հեռանալ Ալ Հուտէյտայէն, սակայն վերջիններս մերժած էին ենթարկուին այդ պահանջներուն:

Աւարտին, յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, որ սէուտա-էմիրաթեան դաշինքը կը սպասէ այն գործարքը, որ պիտի կնքուի ի շահ իրեն, այլապէս պատերազմը երկար պիտի շարունակուի: