image

Ի՞նչ Անցեալ, Ի՞նչ Ապագա՜յ. Աւօ Ափոշեան

Ի՞նչ Անցեալ, Ի՞նչ  Ապագա՜յ. Աւօ Ափոշեան

Ինչ պատրուակներ ալ յայտնէք, միեւնոյնն է, չեմ կրնար ըմբռնել թէ ինչ ԱՊԱԳԱՅի մասին է խօսքը զոր կը ձգտիք ու կը հալածէք: Այդքան հեռանկար եղա՞նք հիմա: Իսկապէս կը հաւատա՞ք որ կատաղած այս երկիր մոլորակին վրայ կան ապահով վայրեր: Այնքան ժամանակ որ նոյն տիեզերական ուժն է տիրապետողն ու նոյնինքն մարդ արարած էակս է կենաց գերիշխան, ո՛չ մէկ խաղաղութիւն կամ անվտանգութիւն կարելի է յայտնաբերել... եթէ ապագայի մասին այդքան խորհը մտածող ու լուրջ վերաբերող ենք, ապա խնդրեմ, համտեսենք երկրագունդի հիմնախնդիրները սկսած «Global Warming»-էն ու ծովու մակերեսի բարձրացման հետեւանքներէն, եւ ինչու չէ մօտ ապագային պատահելիք երկրաշարժներէն ու հաւանական հրաբուխներէն, ինչպէս նաեւ անապատային տարափ աւազոտ փոթորիկներէն եւ կամ բեւեռային ձիւնամրրիկներէն որոնք կը սպառնան բազում աշխարհագրական տարածաշրջաններ:

Յատկանշական է նաեւ օզոնային շերտի տատանումն ու թթուածնի ծաւալին նուաղումը, հետաքրքիր է, արդեօ՞ք որմէկ պետութիւնը կամ «ապահով երկիրը» կրնայ խուսափիլ զայդ: Դոյնպէս օրակարգի խնդիրներէն է՝ համաշխարհային քաղցրահամ ջրերու պահածոյի նահանջը, որուն հետեւանքները տուժելու պահն այնքան ալ հեռու չի թուիր իմ հորիզոնին:

Ալ չխօսելով նաւթապայքարի ու ահաբեկչական շարժումներու ահաւոր երեւոյթներուն մասին, որոնք դիտմամբ կը տանին աշխարհը դէպի ֆիզիկական կործանում...

Է՜հ մարդը ՄԱՐԴ պիտի ըլլայ ու խաղաղութիւն տածէ աշխարհով մէկ, արտադրելով բարգաւաճ ու արդի քաղաքակրթութիւն...

Ներկայի տուեալներով՝ իրական դաշտէն շատ հեռու է այս կարծրատիպը: Ի՞նչ անցեա՜լ ի՞նչ ապագա՜յ... անցեալը մոխրացած յուշեր է, իսկ ապագան՝ խաբուսիկ օդացոլութիւն, աւելի լաւ է դառնա՛նք մեր առօրեային որ գոյն ալ չգոլորշիանայ...

 

 

Աւօ Ափոշեան