image

Նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Ափոշեանի քառասունքը՝ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Նորոգ  հանգուցեալ Եդուարդ  Ափոշեանի     քառասունքը՝ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Նորոգ հանգուցեալ  Եդուարդ  Ափոշեանի   քառասունքը պիտի կայացուի այսօր  22   սեպտեմբերին Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Եդուարդ Ափոշեանը     (բնիկ՝ այնթապցի)  ծնած  էր Հալէպ 1945-ին ։

Հանգուցեալը քրիստոնէական  հաւատքի, համբերութեան եւ համեստութեան տիպար  էր,  օրինակելի հայր եւ ամուսին։ Ամուսնացած էր Լուսին Գրիգորեանի հետ եւ ունէր 4 զաւակներ՝ Սուրէն, Գրիգոր,Արա եւ Շանթ, որոնց հանդէպ իր հայրական բոլոր պարտականութիւնները կատարելէ  բացի   անոնց մէջ     սերմանած  էր  բարութիւն՝  մարդկութեան եւ  սէր    հայրենիքի հանդէպ։

Հանգուցեալը   որոշ  ժամանակ  մը զբաղուած էր  առեւտուրով եւ    աւելի   ուշ  նուիրուած  ՝   ոսկերչական գործատեղի մը հիմնելու  իր   որդիներու   փափաքն իրականացնելուն։

Եդուարդ Ափոշեան  կը մահանար 09/08/2019-ին,  կարճատեւ  հիւանդութեան մը  պատճառով։ Այս  առթիւ Եդուարդ Ափոշեանի     ընտանեկան  պարագաները  ըսին ՝  «Մենք կորսնցուցինք մեր օրինակելի ՀԱՅ հայրը,եղբայրն   ու ազնւ բարեկամը»։