image

«Հըզպալլա»ի դէմ պայքարը հասաւ … Փարակուէյ

«Հըզպալլա»ի դէմ պայքարը հասաւ … Փարակուէյ

«Ալ Մուտոն» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ ԱՄՆ-էն եւ Կուաթիմալայէն ետք Փարակուէյ երրորդ երկիրն է, որ Իսրայէլի մօտ իր դեսպանութիւնը Երուսաղէմ կը տեղափոխէ:

Ամերիկեան աղբիւրներու համաձայն, Փարակուէյ այն երկիրն է, ուր «Հըզպալլա» զգալի ներկայութիւն ունի, իսկ երկրի երկրորդ խոշորագոյն քաղաքին՝ Սիուտատ Տիլ Իսթիի մէջ մեծ թիւով լիբանանցիներ կը բնակին, որոնց զգալի մասը Հարաւային Լիբանանէն ժամանած ու այնտեղ հաստատուած է:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Փարակուէյ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած տարածքներուն մաս կը կազմէ, որուն համաձայն, վերջինս լիազօրուած է նշուած երկրին մէջ գտնուող ահաբեկիչներու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հաշիւները անյապաղ սառեցնելու: