Այսօր առաւօտեան հրթիռներ ինկած են Հալէպի տարբեր շրջաններու վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ փոխանցեց, թէ հրթիռներ ինկած են յատկապէս Սուլայմանիյէ, Թէլէֆոն Հաուայի, Թիլալ եւ Մուշիյէ շրջաններուն վրայ: Բարեբախտաբար զոհեր կամ վիրաւորներ չեն գրանցուած: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ համայնքի՝ այսօր նախատեսուած հաւաքները պիտի կայացուէին «Կիւլպէնկեան վարժարան»ի բակին մէջ ապահովական նկատառումներով ջնջուած են: Քաղաքի տարբեր հատուածներուն վրայ եղած հրթիռարաձկումներուն հետեւանքով հայկական թաղամասերը եւս յայտնուած են անդամալուծուած վիճակի մը մէջ: Նշենք, որ երէկ գիշեր եւս ծանրօրէն հրթիռարձկուած էր Թէլէֆոն Հաուայի շրջանը, ուր զոհուած էին չորս անձեր ու գրանցուած տասնեակ վիրաւորներ: