image

Հրթիռներ Հալէպի Սուլայմանիյէ, Թիլէլ եւ Մուշիիյէի թաղամասերուն վրայ. Կիրակնօրեայ հաւաքները ջնջուած

Հրթիռներ  Հալէպի Սուլայմանիյէ, Թիլէլ եւ Մուշիիյէի թաղամասերուն  վրայ. Կիրակնօրեայ հաւաքները ջնջուած

Այսօր առաւօտեան հրթիռներ ինկած են Հալէպի տարբեր շրջաններու վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ փոխանցեց, թէ հրթիռներ ինկած են յատկապէս Սուլայմանիյէ, Թէլէֆոն Հաուայի, Թիլալ եւ Մուշիյէ շրջաններուն վրայ: Բարեբախտաբար զոհեր կամ վիրաւորներ չեն գրանցուած: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ համայնքի՝ այսօր նախատեսուած հաւաքները պիտի կայացուէին «Կիւլպէնկեան վարժարան»ի բակին մէջ ապահովական նկատառումներով ջնջուած են: Քաղաքի տարբեր հատուածներուն վրայ եղած հրթիռարաձկումներուն հետեւանքով հայկական թաղամասերը եւս յայտնուած են անդամալուծուած վիճակի մը մէջ: Նշենք, որ երէկ գիշեր եւս ծանրօրէն հրթիռարձկուած էր Թէլէֆոն Հաուայի շրջանը, ուր զոհուած էին չորս անձեր ու գրանցուած տասնեակ վիրաւորներ: