image

Հրատ մոլորակի վրայ ապրելու յոյսի նշո՞յլ

Հրատ մոլորակի վրայ ապրելու յոյսի նշո՞յլ

Գիտնականները մանրէներ յայտնաբերած են, որոնք որպէս թթուածինի արտադրման մշտական աղբիւրներ կրնան ծառայել, հետեւաբար կարելի է յոյս ունենալ, որ զանոնք Կարմիր մոլորակ ուղարկելով կարելի է այնտեղ մարդկային կեանքի սկիզբ դնել: Այս մասին կը հաղորդէ Տուպայի «Ալ Մուսթաքպալ» աստղադիտարանը:

«Science» պարբերականին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ նշուած է, որ «Կապոյտ պաքթերիա» կոչուող էակները կարողութիւն ունին ածխածինի տիօքսիտը թթուածինի վերածել:

Գիտնականներուն կարծիքով, «Կապոյտ պաքթերիա»ները հնարաւորութիւն ունին Հրատի ծանր պայմաններուն համակերպելու եւ դիմանալու: