«Քորոնա» ժահրը շատ արագ կը զարգանայ եւ վտանգ կայ, որ ՀՀ-ի մէջ այն կրնայ համաճարակի վերածուիլ։ Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին գրած է նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը։
«Այս պահուն կառավարութիւնը մինչեւ վերջ չի կողմնորոշուիր, թէ ի՞նչ պէտք է ընէ։ Այս կարգավիճակի մէջ կը խօսինք բանակի եւ կալանավայրերու մասին։ Չինաստանի, Իրանի եւ Իտալիոյ փորձը ցոյց տուաւ, որ այս կառոյցները շատ խոցելի են», գրած է Բագրատեանը, յոյս յայտնելով, որ օգտակար բան ըսած կ'ըլլայ։
«Բանակ։
- Հնարաւորինս շատ արձակուրդներ տրամադրել զինծառայողներուն։
- Արգիլել տեսակցութիւնները հարազատներու ու բարեկամներու հետ (եթէ վերջիններս պէտք է երթան զօրամաս)։
- Սահմանափակել շարային վարժութիւնները, շարային ստուգումները։
- Զօրանոց ու ննջարան մտնելէ առաջ ախտահանել հագուստը։
- Տրամադրել դիմակներ եւ լուացուելու միջոցներ։
- Երեք օրը մէկ զինուորներուն տալ մէկական Արպիտոլի հապ, ամենօրեայ ռեժիմով ստուգել զինուորներու ջերմութիւնը։
Կալանավայրեր։
- Ազատ արձակել բոլոր կալանաւորները, բացառութեամբ հայրենիքի դաւաճանութեան, սպանութեան եւ քանի մը այլ ծանր յօդուածներով (ցանկը՝ արդարադատութեան նախարարութիւն)։ Անձնագրեր չեն տրամադրուիր եւ ՀՀ-էն բացակայիլը կը բացառուի։
- Կալանքի սենեակներուն մէջ 2 հոգիէ աւելի պէտք չէ ձգել։
- Սահմանափակել կալանաւորներու ամենօրեայ զբօսանքները։
- Ազատ արձակել բոլոր այն կալանաւորները, որոնք ՔԿՀ յայտնուած են խափանման միջոցը նախնական կալանք ընտրելու դատարաններու որոշման հետեւանքով։
- Կալանավայրեր մնացածներուն տրամադրել լուացման միջոցներ, դիմակներ, չափել ջերմութիւնը։
- Ամենօրեայ լոգանքի հնարաւորութիւն տալ բոլորին», գրած է Հրանդ Բագրատեանը եւ յետգրութիւն թողած.
«Վաղը եւ միւս օրը կը խօսինք տնտեսական միջոցառումներու, առեւտրական ոլորտին պետական օժանդակութեան, առեւտուրի, հանրային սնունդի եւ ծառայութիւններու, կրթութեան, պետական ֆինանսներու մասին»։