25 Փետրուարին յայտնի դարձաւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի մահը: Ան 91 տարեկան էր, երկիրը ղեկավարած էր 3 տասնամեակ, մինչեւ 2011 թուականի ցոյցերը, որոնք աւարտեցան իր բանտարկութեամբ: Քաղաքական գործիչը ազատ արձակուեցաւ 2017 թուականին:
Բանակի շարքերէն նախագահի պաշտօնին հասած Մուպարաք յայտնի կը դառնար, որպէս խաղաղութեան ջատագով։
Յաջորդելով Անուար Սատաթը, Մուպարաք յաջողեցաւ ստեղծել կայուն տնտեսութիւն եւ տարածաշրջանային հիմնարար դեր ունեցող երկիր մը, սակայն այդ փուլէն ետք ան թիրախ դարձաւ ընդդիմադիր կողմերու մեծ քննադատութիւններուն, որոնք զինք եւ իր իշխանակազմը կը մեղադրէին կասկածելու գործարքներու մէջ մտնելու ու նաեւ երկրին մէջ կաշառակերութիւնը «համատարած» դարձնելու համար։
2011 թուականին Եգիպտոսի մէջ ծաւալած բողոքի ալիքը, որ աւելի ուշ ճանչցուեցաւ, որպէս «Յունուարի յեղափոխութին» Մուպարաքը դրին բաւական բարդ դրութեան մէջ, որուն հետեւանքով ալ երկիրը 30 տարի ղեկավարած առաջնորդը հրաժարական տուաւ։
Հիւսնի Մուպարաքը ծնած է 4 մայիս, 1928-ին Քաֆր էլ-Մուսիլհա գիւղին մէջ։ 1949 թուականին գերազանցութեամբ աւարտած է ռազմական ակադեմիան, քանի մը տարի աշխատած է օդուժի ակադեմիայէն ներս, եւ 1956 թուականին Սուեզի պատերազմին:
1959-1960 թուականներուն Մուպարաք իր ուսումը շարունակած է Խորհրդային Միութիւնէն ներս, մասնագիտանալով սովետական ինքնաթիռներու քանի մը տեսակներու կառավարման մէջ։ 1962-1963 թուականներուն մասնակցած է Եմենի քաղաքացիական պատերազմին, ապա 2 տարի դարձեալ ուսանած է Խորհրդային Միութիւն, Մոսկուայի Ֆրունզէի անուան ռազմական հիմնարկէն ներս։ 1967 թուականին Մուպարաքը մասնակցած է արաբ-իսրայէլեան պատերազմին, 1969 թուականին ան նշանակուած է Ռազմա-օդային ուժերու շտապի պետ: 1972 թուականին ստանձնած է ռազմաօդային ուժերու հրամանատարի եւ պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը, ապա յաջորդ տարի ստացած է Եգիպտական բանակի օդուժի գլխաւոր մարշալի կոչում: 1975 թուականի ապրիլին Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթը Մուպարաքը նշանակած է երկրի փոխնախագահ:
6 Հոկտեմբեր, 1981 թուականին, ռազմական շքերթի ժամանակ Սատաթը սպաննուած է իսլամիստներու կողմէ, իսկ Մուպարաքի ձեռքը վիրաւորուած: 14 Հոկտեմբեր, 1981 թուականին Մուպարաք կը ստանձնէ երկրի նախագահի պաշտօնը եւ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն կը յայտարարէ:
Մուպարաքը նախագահի պաշտօնին համար վերընտրուած է 1987, 1993 եւ 1999 թուականներուն։
Հակառակ Խորհրդային Միութեան մէջ ստացած ռազմական պատրաստուածութեան եւ ռուսերէն լեզուի իմացութեան, Մուպարաք կը ձգտէր լաւ յարաբերութիւններ մշակել Արեւմուտքի յատկապէս ԱՄՆ-ի հետ։
Ընդդիմախօսները զինք կ'անուանէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խրտուիլակը: Աջակիցները կ'ուրախանային, որ երկրին մէջ յարաբերական կայունութիւն է կը տիրէր:
Միեւնոյն ժամանակ, Մուպարաքը կրցաւ Եգիպտոսը դուրս հանել մեկուսացումէն:
Եգիպտոսը բացառուած էր Արաբական պետութիւններու լիգայէն դաշինքէն 1979 թուականին եւ վերականգնած անդամակցութիւնը 10 տարի ետք:
Պաղեստինի իսլամական «ՀԱՄԱՍ» շարժման յաղթանակէն յետոյ, Եգիպտոսը աջակցեցաւ Իսրայէլին եւ արեւմտեան երկրներուն ինքնավարութեան դէմ էմբարգո նաւարգիլման սահմանելու հարցով, փակելով «Ռաֆահ» անցակէտը Գազայի հետ սահմանին:
Սակայն Մուպարաքը աւելի ու աւելի յաճախ կոչեր կը լսէր ինչպէս Եգիպտոսէն, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհէն այն մասին, որ ժամանակն է ճանապարհ տալ ժողովրդավարութեան:
2011 թուականի Յունուարին, Թունիզիոյ օրինակով Եգիպտոսի մէջ զանգուածային ցոյցեր սկսան: Մարդիկ դժգոհ էին աղքատութենէ, փտածութենէ, գործազրկութենէ եւ անհատական իշխանութեան համակարգէն:
Մուպարաքը խոստացաւ չմասնակցիլ գալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Բողոքի ցոյցերէն 18 օր ետք Մուպարաքը, վար դրաւ պետութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները:
4 ամիս ետք արդէն հիւանդ Մուպարաքը ստիպուած էր դատարանի առջեւ կանգնիլ: 3 օգոստոս, 2011 թուականին տեղի ունեցաւ առաջին նիստը, որուն ներկայ էր նախկին նախագահը, պառկած շարժական մահճակալի վրայ, ան կը լսէր փտածութեան եւ ցուցարարներուն սպանելու մասին մեղադրանքները:
2012 թուականի Յունիսին, Մուպարաքը դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման, ցուցարարներու դէմ ուժի կիրառման մասին հրաման արձակելու համար, սակայն անպարտ հռչակուեցաւ մեղադրանքի այլ կէտերէն:
Դատարանի որոշումը շատերուն չափազանց մեղմ թուաց, որմէ յետոյ Գահիրէի մէջ դարձեալ ցոյցեր սկսան:
Հիւսնի Մուպարաքի ճակատագիրը կրկին փոխուեցաւ 2013 թուականի Յուլիսին, երբ նախկին զինուորական նախարար, Մարշալ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ-Սիսին տապալեց եւ ձերբակալեց մէկ տարի առաջ ընտրուած «Իխուան» շարժումի ղեկավարներէն ՝ Մուհամմէտ Մուրսիին: Մէկ ամիս ետք դատարանը վճռեց ազատ արձակել նախկին առաջնորդը եւ անոր դէմ տնային կալանք սահմանեց:
Նոյն տարուայ Նոյեմբերին, Հիւսնի Մուպարաքը անպարտ արձակուեցաւ ցուցարարներու մահուան հետ կապուած մեղադրանքներէն:
2 մարտ, 2017 թուականին Եգիպտոսի վերաքննիչ դատարանը վերջնականապէս հանեց նախկին նախագահի դէմ բոլոր մեղադրանքները, եւ 3 շաբաթ ետք չեղեալ նկատուեցաւ տնային կալանքը:
Խօսելով Եգիպտոս հայրենիքին հանդէպ իր ունեցած յանձնառութեան մասին 2011 թուականի փետրուարին ան ըսած է. «Ինծի համար շատ թանկ այս երկրին մէջ ես ապրած եմ, այս երկրի համար կռուած եմ եւ պաշտպանած եմ անոր անկախութիւնն ու շահերը: Այս հողի վրայ ես պիտի մեռնիմ: Զիս, ինչպէս միւսները, պիտի դատէ պատմութիւնը»:
Նիւթը՝ «Պի. Պի.Սի.»էն