image

Հինգշաբթին կարեւոր օր է ժընեւեան բանակցութիւններուն համար. Տէ Միսթուրա

Հինգշաբթին կարեւոր օր է ժընեւեան բանակցութիւններուն համար. Տէ Միսթուրա

ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Սթեֆան տէ Միսթուրան ըսած է, որ հինգշաբթին կարեւոր օր պիտի ըլլայ ժընեւեան բանակցութիւններու համար՝ Դամասկոսի պատուիրակութեան տրամադրուածութիւնը հասկանալու տեսանկիւնէ, կը փոխանցէ ՌԻԱ Նովոսթին:


«Մենք շատ մանրակրկիտ քննարկում ունեցանք: Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք աւելի խոր  քննարկելու օրակարգի բոլոր կէտերը: Վաղը շատ կարեւոր օր պիտի ըլլայ, քանի որ պիտի հանդիպինք կառավարութեան հետ, եւ պէտք է տեսնենք, թէ անոնք ինչ կարնան եւ ինչ կ'ուզեն աւելի մանրամասն քննարկել օրակարգին մէջ ...», - յայտնած է բանագնացը:


«Ընդդիմութիւնը ակնյայտօրէն կ'ուզէ խորանալ օրակարգի մէջ», -ըսած է տէ Միսթուրա: