Օրերս տեղի ունեցած է ոստիկանութեան զօրքերու մարտական ծառայութեան հերթափոխը: Այս մասին յայտնած են Ոստիկանութենէն:
ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը ողջունելով սահմանապահ ոստիկանները, շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենանուէր ծառայութեան համար եւ մաղթած բարի ու անփորձանք ծառայութիւն:
Աւանդոյթի համաձայն ոստիկանները դիրքեր մեկնելէ առաջ երդուած են ու աղօթած:
Հանդիսաւոր երթով Տաւուշ մեկնած են ոստիկանութեան հասարակական կարգի պահպանման զօրամասի ծառայողները, իսկ յաջորդ օրը անոնց ծառայակից ընկերները վերադարձած են նոյն դիրքերէն:
Անոնց դիմաւորելու եկած էր ՀՀ ոստիկանութեան պետը:
Վալերի Օսիպեանը նշած է, որ դիրքապահ ոստիկանները ողջ համակարգի հպարտութիւնն են. «Մենք հպարտանում ենք ձեզնով, հպարտանում ենք, որ մեր շարքերում, մեր կողքին ծառայում են մեր անվտանգութեան երաշխաւորները»,- ընդգծած է ՀՀ ոստիկանութեան պետը:
Ան նաեւ շնորհաւորած է ոստիկանները կանանց մարտի 8-ի առթիւ. «Մեր սահմանապահների ամուր թիկունքը հենց դուք էք սիրելի կանայք եւ ձեզնով է պայմանաւորուած մեր ուժեղ լինելը», - ըսած է Վալերի Օսիպեանը:
ՀՀ ոստիկանութեան պետի հրամանով բարեխիղճ ծառայութեամբ աչքի ինկած խումբ մը ծառայողներ պարգեւատրուած են պատուոգրերով:
Ի դէպ պարգեւատրուողներէն մէկը, ինչպէս պարզուած է, շարքին մէջ չէր: Վատացած էր ծառայողի ինքնազգացողութիւնը եւ տեղափոխուած էր զօրամասի բուժկէտ:
Հանդիսաւոր երթը ընդունելէ ետք ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը այցելած է ոստիկանութեան զօրքերու զօրամաս, հանդիպած ոստիկանին ու մաղթած առողջութիւն:
Վալերի Օսիպեանը նաեւ շրջած է զօրամասի տարածքէն ներս, ծանօթացած ծառայութեան պայմաններուն ու թեխնիքական յագեցուածութեան:




