image

Հայութիւնը եւ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները.

Հայութիւնը  եւ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները.

Այսօր Միացեալ  Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններն են:Ամերիկացիք  այդ օր   պիտի ընտրեն  երկրի  45-րդ  նախագահը:

 

 Անցեալ  ընտրութիւններուն համեմատ բաւականին լարուած մթնոլորտի մը մէջ   կայացուելիք այս ընտրութիւնները կարեւոր իմաստ կը զգենուն յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար, որովհետեւ մէկէ աւելի շրջանային տագնապներ հասած են բաւականին վճռորոշ փուլերու եւ «կը սպասեն» Ամերիկայի «վճռորոշ»  քայլերուն:

«Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ժուլեան Ասանժի անցնեալ շաբաթ RT կայանէն «պայթեցուցած» ռումբը բաւական մեծ արձագանգ գտաւ, ոչ միայն նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի դէմ քուէարկող մասսային վրայ, այլ նաեւ այն հատուածներուն վրայ, որոնք ցարդ չեն  կողմնորոշուած, թէ որու պիտի երթայ  իրենց քուէն:

Ասանժ, որ իր մօտեցումը կ'ամրագրէր յղում ընելով Քլինթընի «գաղտնի նամակներ»ը,   մէջտեղ կը նետէր այն վտանգաւոր վարկածը, ըստ որուն ԱՄՆ նախագահական թեկնածու Քլինթըն տեղեակ էր ԻՇԻՊ-ի ստեղծման պայմաններուն եւ այդ խմբաւորման  սատար կանգնող կողմերուն մասին:

Լոս Անճելոս հաստատուած հայազգի իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան, որ մօտէն կը հետեւի ընտրութիւններու ընթացքին, մեր անհատական զրոյցներուն ընթացքին   շատ պատկերաւոր խօսքով մը ըսաւ «Նոյնիսկ  դեմոկրատականները, որ  պարտաւոր են Հիլըրի Քլինթընին քուէարկել, դժգոհ  հայեացքներով պիտի մօտենան քուէատուփին եւ իրենց «քիթերը գոցելով» է, որ պիտի քուէարկեն անոր օգտին:  Անուշտ ասիկա իմ շրջանակիս մօտ եղող դեմոկրատականներուն կեցուածքն է»:

 Եղիայեանէն զատ յստակ է նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ   ապրող հայագաղութին համար ալ այս ընտրութիւնները «սպասուած» ընտրութիւններ պիտի չդառնան:

 

ՌԱԿ «Վերականգնումի շարժում»ի ղեկավարներէն մտաւորական Երուանդ Ազատեան, որ ընտրութիւններուն վերաբերեալ ահազանգ մը հնչեցուցած է , ըսած է ՝«Շատ բացայայտ էոր պիտի ընտրուի Հիլըրի Քլինթընը, ինչը ԱՄՆ-ի համար շատ վատ է, աշխարհի համար՝ աւելի վատ,  Հայաստանի համար ալ՝ իր հերթին: Պատերազմները աւելի կը սաստկանան, որովհետեւ տիկին Քլինթըն արդէն ռազմարդիւնաբերութեան  պատասխանատուներուն  յանձնարարութիւններ տուած է՝  աւելի լաւ զէնքեր արտադրելու առումով, եւ պարզ է, որ աշխարհի երեսին արիւնահեղութիւնը պիտի աւելցնէ: Գալով Թրամփին, ան  լուրջ մէկը չէ, եւ հանրապետականները իրենք արդէն լուրջ չեն համարեր զինք: Նոյնիսկ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը, որ իրենց ողնասիւնն է, Թրամփի դէմ յօդուածներ ու անոր չնպաստող խմբագրականներ կը գրէ: Հանրապետականներէն կարեւոր դէմք մը նոյնիսկ ըսաւ՝ ես քիթս պիտի բռնեմ, բայց պիտի երթամ Հիլըրիին քուէարկեմ: Քլինթընը հանրապետականներուն խոստումներ տուեր է, թէ ես ձեր նպատակները պիտի իրագործեմ, ինձ քուէարեցէք: Իսկ անոնք ալ  քաղաքական այդ անջրպետը շատ հեշտութեամբ կրնան շրջանցել,  եթէ իրենց արդիւնաբերութիւնը այդ ձեւով առաջ պիտի երթայ»: 

Ազատեան  նաեւ խօսած է   ընտրութիւններու  արդիւնքին  Մերձաւոր Արեւելքի  վրայ ունենալիք ազդեցութեան  մասին ու այս առումով ըսած ՝  «Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ կացութիւնը կրնայ աւելի վատանալ: Այն, ինչ որ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան կ'առաջադրեն

Սուրիոյ համար, որ ազատ գօտի ըլլայթռիչքներու արգելում ըլլայ եւ այլն, ինքը՝ Հիլըրի Քլինթընը  ատոր կողմնակիցն է եւ ընտրուելէ ետք շատ հաւանաբար կ'ուզէ գործադրել, բան մը, որուն ընդդիմացաւ Օպաման եւ մինչեւ հիմա կ'ընդդիմանայ: Օպամայի որդեգրած քաղաքականութիւնը նման հարցերուն աւելի դիւանագիտական լուծումով կը մօտենար, իսկ Հիլըրի Քլինթըն այդ աշխարհայեացքը չունի, եւ անցեալին ալ այդպէս էր,  այսօր ալ աւելի շատ զէնքի ուժով դիւանագիտական հարցերը առաջ տանելու ձգտում կայ: Բնական է՝  եթէ ԱՄՆ-ը ուժ ունի, ինչո՞ւ պէտք է դիւանագիտական ջանքեր գործադրէ: Ուժով ամէն հարց կը լուծեն, կը կարծեմ: Այսօր Միջին Արեւելքը տակնուվրայ է, եւ այն մարդիկ որ տակնուվրայ ըրին, իրենց նպատակին հասեր են:  Անոնց համար այդ երկիրները՝ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա, երկիրներ էին, որ իրենց ենթակայ չէին, իրենց քաղաքական հեռանկարներու հետ հաշտ չէին այդ երկիրներու ղեկավարները, անոր համար բոլոր այդ կառոյցները բնաջնջեցին, վերջինը Սուրիան է, որ այսօր ուղղակի ընկղմած է, նայինք ինչպէս դուրս կու գայ այս ցեխէն»:

 

 

Հետաքրքրական է  Դաշնակցական  շրջանակներուն կեցուածքը, որոնց անունով խօսող Հայ Դատի գրասենեակի կեդրոնական մարմինը  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նկատել տուած է, թէ  իրենք  պիտի չսատարեն, որեւէ թեկնածուի: Այս մասին ԱՆԳԱ   յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով  ըսած է՝ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) յայտարարած է, որ պիտի չսատարէ ԱՄՆ նախագահութեան համար պայքարող ոեւէ թեկնածուի:

«Ընտրապայքարին առաջնորդող երկու թեկնածուներու հետ հայ-ամերիկեան խնդիրներուն առնչուող հարցերուն վերաբերեալ ունեցած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը եկած է եզրակացութեան, որ պիտի չսատարէ ո՛չ Հիլըրի Քլինթընին եւ ո՛չ ալ Տոնալտ Թրամփին»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ` յանձնախումբը ամերիկահայերուն կոչ կ՛ընէ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու ընտրական գործընթացներուն եւ իրենց ձայնը տալու «դաշնային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներով առաւել գործօն թեկնածուներուն»:

 

Այս ընդհանուր պատկերին զուգահեռ,  աւանդական՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ նոյն  թեմային մասին յայտարարութիւն մը  հրապարակած է,  յայտարարած է, որ կուսակցութիւնը պիտի սատարէ Հիլըրի Քլինթընի  թեկնածուութեան, միշտ յուշելով, որ  այդ քայլը   կապ ունի կուսակցութեան  սոցիալ- դեմոկրատական  կեցուածքներուն եւ պատմական ըմբռնումներուն հետ:

 

Իր կարգին ՀՅԴ     գործիչ  Վիգէն Յովսէփեան, որ  այս թեմայով  խօսած է   Թերթ կայքին   ըսած է, «Թէեւ ես չեմ ուզեր Հայ դատի յանձնախումբի անունով արտայայտուիլ, մեկնաբանել արդէն իսկ յստակ և կտրուկ դիրքորոշումը, բայց պէտք է ըսեմ, որ թեկնածուները չբաւարարեցին հայութեան եւ մասնաւորապէս՝ Հայ դատի յանձնախումբի ակնկալիքներն ու պահանջները: Եւ սա արդէն կը խօսի ամերիկահայ քաղաքական միտքի եւ կազմակերպուած ուժի հասունացման եւ ակնկալիքներու ուռճացման մասին: Եթէ անցեալին, (այսինքն՝ 2008-ին, երբ վերջին անգամ ՀԴ հանձնախումբը նախագահական թեկնածուին աջակցեցաւ) ամերիկահայութիւնը ուժ կը ներկայացնէր, ապա այսօր արդէն աւելի հզօր ենք ու առաւել պահանջատէր»։

Վիգէն Յովսէփեանը նշած է,  որ համայնքէն որեւէ մէկու մեղաւորութիւնը չկայ, որ քարոզարշաւին առանձնապէս հայկական հարցեր չհնչեցին: Ըստ անոր՝ յստակ պատգամ  հնչած է, որ թեկնածուները մեր հաւաքական զօրակցութեան կրնան արժանանալ միայն հայութեան օգտին լրջագոյն յանձնառութիւն ստանալու պարագային: «ԱՄՆ-ի ընտրական գործընթացներուն մէջ ազդեցիկ դերակատար ըլլալու համար բնաւ պայման չէ նախագահի թեկնածուի զօրակցիլը: Այս երկրի քաղաքական մեխանիզմները բաւական բարդ են եւ բազմաշերտ, ինչը տարբեր կտրուածքներով գործընթացներու վրայ ազդելու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ»:

Անդրադառնալով նախագահի թեկնածուներ Հիլըրի Քլինթընի եւ Տոնալտ Թրամփի կերպարներուն եւ անոնց՝ հայկական հարցերուն ներգրաւուածութեան՝ ըսաւ
«Երկուքն ալ թերի եւ անբաւարար կեցուածքներ դրսեւորած են: Այս պարագային իւրաքանչիւր ամերիկահայ քաղաքացի պէտք է ապաւինի իր խիղճին եւ տրամաբանութեան: Վերջապէս, թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը ունի բացարձակապէս շեշտուած կեցուածք երկրի ապագայի ուղղութեամբ, ինչը պէտք է որ կողմնորոշումը դիւրացնէ»:

Իսկ այն մասին, թէ ինք անձամբ որ թեկնածուին կ'ընտրէ՝ հաշուի առնելով անոնց առաջարկները, Վիգէն Յովսէփեան ըսած է
.- «Ես անձնապէս, չեմ  ուզեր, որ իմ անձնական կարծիքը որեւէ դերակատարութիւն ունենայ այն խնդիրին վրայ, ուր համայնքի կարեւոր ուժերը կը գերադասեն ձեռնպահութեան ճամփով յստակ քաղաքական պատգամ փոխանցել: Թէկուզ անհատական կարծիք դրսեւորելով հարուած կը հասցնեմ հաւաքական օրակարգին, ինչը ամերիկահայութեան շահերէն չի բխիր»:

Այս  ընդհանուր պատկերով է, որ ԱՄՆ-ի հայերը իրենց հայացքը կ'ուղղեն վաղուան   ընտրութիւններուն:

Ողջամիտ տեսակէտ է հասկնալ, որ նախագահական երկու թեկնածուներն ալ   հայկական օրակարգերու  վերաբերեալ փրկիչ ըլլալու  «շանս» չունին:

 Գաղտնիք ալ չէ, որ այդքան խճողուած օրակարգերով Սպիտակ Տուն հասնող         նոր նախագահին  առջեւ կան այնպիսի բարդ եւ ծանրակշիռ օրակարգեր, որ հայկական խնդիրները կամ հայութեան համար առաջնահերթ համրուող հարցերը կրնան  մնալ  սեղանին վրայ կուտակուած արխիւներուն տակ:

Օրեր  առաջ  «Ազգ»ի խմբագիրը տեղին դիտարկում մը կատարած էր:

Ան սրդողանք մը ապրելով գրած էր,  որ  հայութիւնը իր տարբեր խաւերով, իր հարիւր յիսուն հազար մասնակիցներու ցոյցով եւ 24 Ապրիլի (2015) ցեղասպանութեան հարիւրամեակի  օրերուն ցոյց տուած միակամ կեցուածքով հանդերձ, չկրցաւ    օրակարգ պարտադրող քաղաքական  ուժ դառնալ:

 

Աւետիքեան այս առումով «Ազգի» խմբագրականին մէջ գրած է «Առայժմ կողմ թողնելով երկու կռուազաններու՝ Թրամփի եւ Քլինթընի փոխհամաձայնողներու պատերազմը, ուր այժմ 52 տոկոսով յաղթող կը համարուի տիկին Հիլըրին, իր ախոյեանի 39 տոկոսի դիմաց, շատ կարճ անդրադառնանք հայկական շահագրգռութիւններուն յետագային աւելի հանգամանալից անդրադարձ կատարելու խոստումով:

Առաջին՝ այս անգամ բարեբախտաբար թեկնածուներէն որեւէ մէկը չխոստացաւ ընտրուելու պարագային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ: Հայերուս սրբազան Դատը այս անգամ զերծ մնաց տգեղ եւ խիստ վիրաւորական շահարկումներէն:

Երկրորդ՝ Մ. Նահանգներու հայկական ընտրազանգուածը, որ նախորդ տարի, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրը, ցոյց տուած էր 150 հազարանոց իր ուժը Լոս Անճելոսի քայլերթի ժամանակ, մնաց անօգտագործելի ՝ կեդրոնական ղեկավարման կամ համակարգման բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Երրորդ՝ նոյն հայկական ընտրազանգուածը, հաւաստի դիտարկումներու համաձայն, մնաց տարբաղադրուած Քլինթընի եւ Թրամփի ճամբարներուն միջեւ. Արեւելեան ափըՙ գերազանցապէս Հանրապետական, իսկ Արեւմտեան ափը ՝ մեծ մասամբ Ժողովրդավարական, մտածելու առիթ տալով բոլորիս»:

 

Ինչ ալ ըլլան  յառաջիկայ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները եւ ով ալ   ընտրուի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահ, մէկ բան յստակ է, որ հայութեան համար  դրական տեղաշարժ մը սկսելու  ամէնէն հիմնական առանցքը միայն  ցեղասպանութիւնը ընդունիլ- չընդունելու հարցը չէ:

Կայ շատ աւելի առաջնահերթ հարց մը եւ ամերիկահայութիւնը այդ առումով պարտաւոր  է  ունենալ միացեալ աժէնտա, որուն  հիմնական առանցք եւ այդ մէկը Ամերիկեան  գալիք վարչաձեւի  սեղանին  Հայաստանի    հանդէպ   ըլլալիք դրական    տինամիզմն է, որ պէտք է մարմին ստանայ, ոչ միայն տնտեսական այլ նաեւ քաղաքական օրակարգերու խմորմամբ: Այդ ընդհանուր փաթեթին մէջ  բնականաբար պիտի ըլլայ   Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին   առընթեր   զինուորական լուծումը  բացառելու  կամ Ազրպէյճանի   պատերզամական  ախորժակները զսպելու մէքանիզմը ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ  առնուազն ընկերային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ    յարաբերութիւններու  նոր հարթակի մը ձեւաւորումը, որուն մէջ  շեշտուած պէտք է  ըլլայ այն դրական երեսակը, որ Հայաստանն ու հայութիւնը կը դարձնեն եզակի    ու  Ամերիկեան դրական մօտեցումներն   ու ծրագիրները  յաջողութեամբ պսակող  մօտէլ երկիր-ժողովուրդ մը:

 

Սագօ Արեան

 

«Ժամանակ» /Պոլիս