image

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայացուին ճիշդ ժամանակին. Թրամբ

Ամերիկայի  նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայացուին ճիշդ ժամանակին. Թրամբ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ ժխտած է 2020-ին նախագահական ընտրութիւնները յետաձգելու հաւանականութեան մասին լուրերը: Այս մասին ան յայտարարած է Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ:

Նախագահական ընտրութիւններուն Թրամբի հաւանական մրցակից Ճօ Պայտընը կանխատեսած է, որ Թրամբ որեւէ պատրուակով պիտի փորձէ համապետական ընտրութիւնները յետաձգել:

«Ես չեմ մտածեր ընտրութիւններու նոյնիսկ օրը փոխելու մասին: Ի՞նչ իմաստ ունի: 3 Նոյեմբերը լաւ օր է: Ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ այդ ընտրութիւնները»,- ըսած է Թրամբ:

Աւելին, ԱՄՆ նախագահը այդ պնդումները որակած է «յօրինուած քարոզչութիւն», որ շրջանառութեան մէջ դրուած է Պայտընի նախընտրական շտապի կողմէ: