Հայկական բանակի զինուոր մը վիրաւորուած է Արցախի հիւսիսային սահմանային ուղղութեամբ՝ հակառակորդի կատարած կրակոցներուն հետեւանքով: 1995-ի ծնունդ զինուորը կը կոչուի Յովհաննէս Էտուարտ Պօղոսեան: Նշենք, որ հակառակորդը երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ տարբեր տրամաչափի հրթիռներ նետած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Թշնամին նոյնպէս օգտագործած է նռնականետեր եւ գործի դրած տարբեր չափերու հրթիռային համակարգեր: Հայկական կողմի ճնշիչ գործողութիւններուն հետեւանքով զսպուած են հակառակորդի սադրանքները եւ լռութեան մատնուած անոր կրակակէտերը: