Հայաստանը Ռուսաստանէն ձեռք բերած է ՍՈւ–30ՍՄ բազմաթիրախային կործանիչներ։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ի պատասխան Sputnik Արմենիայի հարցման։
Նախարարութիւնը չէ պատասխանած ինքնաթիռների քանակին եւ գործարքի գումարին վերաբերող հարցերուն։ Գերատեսչութենէն յայտնած են, որ հարցադրումները կը պարունակեն դասակարգուած տեղեկատւութիւն, որոնց մէկ մասը պիտի հրապարակուի գործարքի իրագործման համապատասխան փուլերուն։