image

Հայաստան.Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Հայաստան.Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 20 մարտին՝ ժամը 09:00-ի դրութեամբ, ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ եւ դժուարանցանելի ճանապարհներ:

Վարդենեաց լեռնանցքը (Գեղարքունիքի մարզի կողմէն) փակ է կցորդիչով բեռնատարներու համար, միւսներու համար՝ դժուարանցանելի, իսկ Վայոց ձորի կողմէն՝ կցորդիչով բեռնատարներուն համար՝ դժուարանցանելի, միւսներու համար՝ բաց:

Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհը դժուարանցանելի է: Գորիս-Կապան ճանապարհին տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց եւ մառախուղ:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։ 

Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմումքէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն` Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար: