image

Հայաստանի Վարչապետը ընդունած է զինք տեսնել փափաքած 4-ամեայ Մարին (Լուսանկարներ)

Հայաստանի Վարչապետը ընդունած է զինք տեսնել փափաքած 4-ամեայ Մարին (Լուսանկարներ)

Նիկոլ Փաշինեանը երէկ հիւրընկալած է 4-ամեայ Մարի Սահակեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք կառավարութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

Մէկ շաբաթ առաջ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսանիւթին մէջ Մարին ցանկութիւն յայտնած էր հանդիպելու Նիկոլ Փաշինեանին եւ լուսանկարուելու անոր հետ:

Վարչապետը զրուցած է փոքրիկին հետ, անոր ցոյց տուած իր աշխատասենեակը, նուիրած մանկական գիրքեր եւ մտաւոր զարգացման նպաստող խաղեր: