ՀՀ Ելեւմուտքի նախկին նախարար, Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը եւ Կարէն Խաչատրեանը պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի վատնման կասկածանքով բերման ենթարկուած է ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմումք եւ ձերբակալուած։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքէջը։
Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքը խուզարկութիւն իրականացուցած է Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող բնակարանին, առանձնատան, տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գագիկ Խաչատրեանի հետ կապ ունեցող այլ անձանց տարածքներուն եւ առանձնատուներուն մէջ:
Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, նախաքննութիւնը կը շարունակուի։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ չի բացառուիր, որ մեղադրանքը լրացուի նաեւ այլ յօդուածներով։