«Արեւելք»ի զրուցակիցն է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ ծնած, 1999-էն Հայաստան հաստատուած, Երեւանի պետական ակադեմիայէն գեղարուեստի մագիստրոս Վագօ Արմենօ Խախամեանը, որ «ԱՐուեսՏ Էքսփօ»ի կազմակերպիչն է։
-Գիտենք որ մօտ շաբաթ մը առաջ Ձեր նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «ԱՐուեսՏ Էքսբո 18»-ին, կը պատմէք այս նախագիծի մասին, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս նախագիծը։
Այո, այս տարի եւս կազմակերպեցի «ԱՐուեսՏ Էքսփօ 18»ը, որ տեղի ունեցաւ 22-26 մայիսին, «ՆՓԱԿ»ի (Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն) մէջ: Այս ծրագրի գլխաւոր նպատակը ըսելու համար նախ ներկայացնեմ մտայղացման պատմութինը։ Ես որպէս գեղանկարիչ, մի քանի անգամ այս տեսակի ցուցահանդէսներու մասնակցելու համար ճամբորդած էի Եւրոպա՝ Սպանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա եւ չորրորդ տարին երբ դարձեալ կ'ուզէի մասնակցիլ, մտածեցի՝ ինչո՞ւ ես մասնակից ըլլամ, ինչո՞ւ մենք երթանք այլ երկիր, թող այնպէս ընենք, որ իրենք գան, գաղափարը այսպէս ծագեցաւ եւ արդէն համադրելով, համախմբելով միտքերը , թէ ինչ կրնամ ընել Հայաստանի մէջ, առաջին քայլը առի եւ 2015-ին «Հայ Արթ» ցուցասրահին մէջ կազմակերպեցի միջազգային «ԱՐուեսՏ Էքսփօ 15» ցուցահանդէսը, որ աւելի փոքր էր, բայց լաւ ընթացաւ, անուան ընտրութիւնն ալ շատ յաջող էր, հայերէն «ԱՐուեսՏ» բառին մէջ շեշտելով եւ առանձնացնելով «ԱՐՏ» անգլերէն՝ ART բառը:
Գլխաւոր նպատակը այն էր, որ թէ՛արտասահմանցի, թէ՛ հայ, թէ՛ տարածաշրջանի արուեստագէտները՝ նկարիչներ, քանդակագործներ, ծաղրանկարիչներ, լուսանկարիչներ եւայլն, մասնակցին մէկ համախմբող ցուցահանդէսի, որպէսզի արտասահմանցի արուեստագէտները ծանօթանան Հայաստանի արուեստին եւ հակառակը: Եւ անշուշտ գլխաւոր նպատակներէն է նաեւ հարթակ ստեղծել, ուր կը մէկտեղուին արուեստագէտն ու արուեստասէրը, թէ ցուցասրահներու տէրերը, թէ արուեստի հաւաքածոյ ունեցողները, բոլորը հաւաքուին մէկ տեղ եւ առիթ ունենան տարբեր տեսակի արուեստի գործերու ծանօթանալու:
-Ինչպէս գիտենք այս միջոցառումը պարբերական բնոյթ կը կրէ, քանի՞ անգամ եւ ինչ պարբերականութեամբ իրականացուած է այն, եւ վերջին 2018-ի «ԱՐուեսՏ Էքսփօ»-ն ինչո՞վ կը տարբերեր նախորդներէն:
Ինչպէս ըսի 2015-ին «ԱՐուեսՏ Էքսփօ»ի առաջին տարին էր, որմէ ետք ամէն տարի անընդմէջ կ'իրականացուի, ընդհանրապէս մայիս ամսուն երկրորդ կէսին կը կազմակերպենք այս ցուցահանդէսը: Այս տարի չորրորդն էր, որ նախորդներէն էական տարբերութիւն մը չունէր, բայց հետաքրքրականը այն էր, որ այս տարի նոր երկիրներէ մասնակիցներ ունեցանք, ինչպէս՝ Լիթուանիայէն, Կիպրոսէն, Նիճէրիայէն, որ շատ հետաքրքիր էր մեզի համար, անցեալ տարիներուն մասնակիցներ եղած էին նաեւ Հարաւային Քորէայէն, Ճափոնէն, Ամերիկայէն եւ տարբեր երկիրներէ, մեծ թիւով մասնակիցներ կ'ունենանք Եւրոպայէն, Պարսկաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն միշտ մասնակիցներ կ'ըլլան, նաեւ նշեմ որ ընդհանուր մասնակիցներու կէսը հայ կամ հայաստանաբնակ արուեստագէտներ են, միւս կէսը՝ արտասահմանցիներ:
-Յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք, ըլլայ «ԱՐուեսՏ Էքսփօ»ի վերաբերեալ, ըլլայ դուք որպէս արուեստագէտ:
Յառաջիկայ ծրագիրները, անշուշտ եկող տարի «ԱՐուեսՏ Էքսփօ»ի հնգամեակն է եւ պիտի փորձենք մեր ցուցահանդէսի շրջանակը աւելի ընդլայնել, սկսած մասնակից երկիրներու եւ արուեստագէտներու քանակէն, որ պէտք է աւելնայ, մինչեւ ցուցասրահի տարածքը, մեծ հաւանականութեամբ «ՆՓԱԿ»ի երրորդ սրահն ալ պիտի վերցնենք:
Այստեղ կ'ուզեմ յիշեցնել, որ մենք ամէն տարի քանակը կ'աւելցնենք, բայց միշտ որակը ապահովելով, եւ այդ իսկ պատճառով որոշ օրէնքներ ունինք, օրինակ ուսանողներ չեն կրնար մասնակցիլ, տարիքային սահմանափակում ալ կայ՝ կը փորձենք 25-էն աւելի մեծ ըլլան, որպէսզի ապահովուած ըլլայ մասնակիցներու արհեստավարժութիւնն ու լաւ փորձ ունենալը:
- Հայաստան ժամանած արտասահմանցի մասնակիցները ի՞նչ տպաւորութիւններով կը վերադառնան:
Դուրսի երկիրներէն եկող արուեստագէտները բոլորը շատ կը հաւնին Հայաստանը: Այս առումով ալ կ'ուզեմ նշել, որ այս ցուցահանդէսը ձեւով մը կը փորձէ զբօսաշրջութեան խթան ըլլալ, ամէն տարի Հայաստան բերել օտարերկրացի նկարիչներ, որոնցմէ շատերը իրենց ընտանիքներուն կամ ծանօթերուն հետ կու գան, եւ այս մէկը շատ կարեւոր հանգամանք է: Անոնք ամենաշատ կը տպաւորուին հայ մարդու նկարագիրով, շատ կը հաւնին Հայաստան ապրող մարդոց ջերմութիւնը, խոհանոցը, ուտեստներու թարմութիւնը եւայլն: Այս տարի շատ հետաքրքրական բան մը եղաւ, Լիթուանիացի կին արուեստագէտը այդքան սիրահարուեցաւ Հայաստանին, որ ըսաւ՝ «վերջ, ես պէտք է տեղափոխուիմ Հայաստան», եւ նոյնիսկ սկսաւ հետաքրքրուիլ թէ ուրկէ կրնայ տուն առնել, ինչքան կ'արժեն հարկաբաժաինները եւայլն:
Բոլորը շատ վառ տպաւորութիւններով կը վերադառնան իրենց երկիրները, խոստանալով, որ յաջորդ տարի դարձեալ պիտի գան, իրենց հետ պիտի բերեն ծանօթները, պիտի պատմեն անոնց, թէ ինչ լաւ տեղ է Հայաստանը, այնտեղի ջերմութիւնը, արեւը եւայլն: