image

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտներուն փայլուն յաջողութիւնները

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտներուն փայլուն  յաջողութիւնները

Ինչպէս ծանօթ է, անցած տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով, աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:

DELF քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղած էին Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, 2014-2015 տարեշրջանին:  Յաջողութիւն արձանագրած էին բոլոր մասնակիցները, անխտիր, որոնց մեծ մասը՝ գերազանց գնահատականներով:

Այս տարեշրջանին Մեսրոպեան վարժարանը կրկնեց այս յաջողութիւնը. վարժարանի Բ. Դ. եւ Զ. դասարաններու 66 աշակերտներ մասնակցեցան DELF ընթացիկ քննութիւններուն եւ արձանագրեցին ամբողջական յաջողութիւն:

Այս առիթով կայացած հաւաքին, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ գնահատեց ուսուցիչներուն ներդրումը:  Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը, այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի