image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին պահպանուած է յարաբերական անդորր

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին պահպանուած է յարաբերական անդորր

 

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին 22 յուլիսի լոյս 23-ի գիշերը, ինչպէս նաեւ այս պահին, պահպանուած է յարաբերական անդորր։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը իր ֆեյսպուքեան էջին։
«Հակառակորդը սահմանի առանձին հատուածներուն վրայ հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է կրակի դադարեցման ռեժիմը 6 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 43 կրակոց:
Չինարի, Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր, 5 անգամ։
Զանգակատուն ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրք, մէկ անգամ»,-նշուած է գրառման մէջ։