image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին գիշերը պահպանուած է յարաբերական անդորր

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին գիշերը պահպանուած է յարաբերական անդորր

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին 21 յուլիսի լոյս 22-ի գիշերը, ինչպէս նաեւ այս պահուն, պահպանուած է յարաբերական անդորր։

«Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆեյսւպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Հակառակորդը սահմանի առանձին հատուածներու մէջ հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է կրակի դադարեցման ռեժիմը 7 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 20 կրակոց: Ջիլ ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ կրակի դադարեցման ռեժիմը խախտած է մէկ անգամ, Այգեպար ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր՝ մէկ անգամ, Չափնի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր՝ մէկ անգամ, իսկ Պարոյր Սեւակ, Երասխ, Զանգակատուն ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր՝ ընդհանուր` 3 անգամ»,- յայտնած է Ստեփանեանը: