image

«Հաւաքեցէ՛ք ձեր պայուսակները ... այլապէս..». Մոսկուայի զգուշացումը «Ժայշ Ալ Իսլամ»ին

«Հաւաքեցէ՛ք  ձեր  պայուսակները ... այլապէս..». Մոսկուայի զգուշացումը «Ժայշ Ալ Իսլամ»ին

«Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի մեծ թեւ մը, Ապու Հումամ Պուայտանիի գլխաւորութեամբ, դէմ է Տումայէն զինեալներու դուրս գալուն եւ կը խանգարէ խնբաւորման եւ Ռուսիոյ միջեւ եղած համաձայնութեան իրականացումը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը:

 

«Ալ-Մայատին» կայանի համաձայն, ռուսական կողմը «վերջին զգուշացում» ուղղած է զինեալներուն, որպէսզի վճռեն իրենց դիրքորոշումը եւ յստակ ըսեն քաղաքէն դուրս եկող հանրակառքերու եւ զինեալներու թիւը, պնդելով, որ «այլ որոշում» պիտի գործադրուի՝ այս զգուշացման չպատասխանելու պարագային:

 

Նշենք, որ Ռուսիան Տումայի մէջ զնեալներուն 5 օր տուած էր, գործադրելու համար իրենց միջեւ եղած համաձայնութիւնը, սակայն անցած օրերուն Տումայէն ոչ մէկ զինեալ դուրս չէ եկած  քաղաքէն ելած հանրակառքերուն հետ: