image
Հրատապ լուրեր:

Հասան Ճէմալ Էրտողանի Մասին ՝«Բռնապետները Անմահ Չեն»

Հասան    Ճէմալ  Էրտողանի Մասին ՝«Բռնապետները Անմահ Չեն»

 «Բռնապետները անմահ չեն»  երէկ Պոլսոյ մէջ  այսպէս յայտարարեց    թուրք յայտնի լրագրող  Հասան Ճէմալ: Ճէմալ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն նաեւ ըսաւ, որ իր յօդուածներուն  մէջ անձնական վիրաւորանք չկայ  այլ ինք  ծանր քննադատութիւններ ուղղած է  Թուրքիոյ նախագահին   զինք  համարելով երկրին մէջ   գրանցուող  արիւնահոսութեան գլխաւոր  պատասխանատուն: Ճէմալ նաեւ ըսաւ, որ ինք վստահ է, որ Թուրքիոյ մէջ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարողները  ի վերջոյ  պիտի յաղթանակեն: Նշենք, որ Ճէմալ կը մեղադրուի  Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին դէմ անհատական  վիրաւորանք հասցընելու  եւ զինք  «արիւնարբու»  նկատելու մէջ: Յիշեցնենք, որ  երէկ  Պոլսոյ   մէջ  տեղի ունեցած  դատական  նիստը   Հասան Ճէմալի դէմ ներկայացուած դատական հայցին առաջին նիստն էր: