«Բռնապետները անմահ չեն» երէկ Պոլսոյ մէջ այսպէս յայտարարեց թուրք յայտնի լրագրող Հասան Ճէմալ: Ճէմալ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն նաեւ ըսաւ, որ իր յօդուածներուն մէջ անձնական վիրաւորանք չկայ այլ ինք ծանր քննադատութիւններ ուղղած է Թուրքիոյ նախագահին զինք համարելով երկրին մէջ գրանցուող արիւնահոսութեան գլխաւոր պատասխանատուն: Ճէմալ նաեւ ըսաւ, որ ինք վստահ է, որ Թուրքիոյ մէջ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարողները ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն: Նշենք, որ Ճէմալ կը մեղադրուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին դէմ անհատական վիրաւորանք հասցընելու եւ զինք «արիւնարբու» նկատելու մէջ: Յիշեցնենք, որ երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած դատական նիստը Հասան Ճէմալի դէմ ներկայացուած դատական հայցին առաջին նիստն էր: