image

Հասան Նասրալլա Սուրիոյ ծայրայեղականներուն զէնքերը վար դնելու կոչ ըրաւ

Հասան  Նասրալլա Սուրիոյ ծայրայեղականներուն զէնքերը վար դնելու կոչ  ըրաւ

Լիբանան- («Ալ Մանար» - Պէյրութ) Լիբանանեան «Հըզպալլա»  կուսակցութեան առաջնորդ  Սէյիտ Հասան Նասրալլա   այսօր պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով, կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ պատերազմող իսլամիստ ծայրայեղականներուն    իրենց  զէքերը վար դնել: Ան մասնաւորապէս ըսաւ, թէ այդ զինեալները    կը գործածուին      շրջանին մէջ  Իսրայէլի եւ Ամերիկայի  կողմէ, որ նպատակ ունին    քանդել   շրջանի քաղաքակրթութիւնները եւ բնաջնջել շրջանի   ժողովուրդները:  Նասրալլա նաեւ հաւաստեց,  որ իրենք   պիտի չքաշուին Սուրիայէն, որովհետեւ  «եթէ  մենք,  ինչպէս նաեւ այլ ուժեր  հեռանանք  Սուրիայէն, ապա այդ կը նշանակէ  առիթ տալ Տահէշին, որպէսզի վերջինս տիրապետէ ամբողջ  շրջանին»:  Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ Տահէշ խմբաւորումը    ստեղծուած է  Օպամայի վարչակարգին կողմէ,  մասնաւորապէս երբ  Միջին Արեւելքի համար  պատրաստուած «Նոր միջին  արեւելք» ծրագիրը ձախողեցաւ:  Հասան Նասրալլա, որ կը խօսէր    տասը տարի առաջ Լիբանանի դէմ եղած  իսրայէլեան  «Յուլիսեան պատերազմ»ի  10-րդ տարեդարձին առթիւ  նշեց, որ իսրայէլեան բանակը    այսօր  մեծ անկում մը կ'ապրի եւ այդ անկումը նախ եւ առաջ  գաղափարական անկում  է:    Շիիթ  կրօնաւորը, որ Միջին Արեւելքի  մեծագոյն  զինուորական   կազմակերպութեան առաջնորդն է, նաեւ դիտել տուաւ,  որ  Լիբանանի  դէմ եղած պատերազմին հիմնական նպատակը  «Հըզպալլա»ի  բնաջնջումն  էր եւ այդ մէկը չիրականացաւ:  Ան նաեւ   ըսաւ, որ  Իսրայէլի   այսօրուան  ղեկավարութիւնը   եւ հասարակութիւնը յայտնուած են լուրջ   տագնապներու    մէջ  եւ Իսրայէլի բանակին,  քաղաքական  ղեկավարութեան եւ   հանրութեան   միջեւ վստահութեան բոլոր օղակները խախտուած են:  Աւարտին  ան  յայտարարեց, որ այսօրուան պատկերով  Իսրայէլի մէջ չկայ կէտ մը, որ անհասանելի է «Հըզպալլա»ին  համար: