Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան ստեղծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներն ու քննարկումները զգալի յետընթաց ապրած են, կը գրէ «Ալ Ճումհուրիէ» թերթը, վկայակոչելով իշխանութիւններու մօտիկ աղբիւրներ:
Աղբիւրները կարծիք յայտնած են, որ եթէ Հարիրիի մօտ պատկերացում առաջացած ըլլար, թէ կառավարութեան ընտրութեան գործը հեզասահ պիտի ընթանայ, ան անմիջապէս Պէյրութ վերադառնալով այդ գործն իր աւարտին կը հասցնէր, սակայն ան քաջատեղեակ է, որ տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի կառավարութեաբ կազմի ընտրութիւնը:
Աղբիւրները շեշտած են, որ տարածաշրջնին մէջ տիրող իրավիճակը թոյլ չի տար, որ կառավարութեան կազմի ընտրութիւնը իր բնական հունով ընթանայ, մանաւանդ, որ նախորդ կառավարութեան կազմի ընտրութեան աշխատանքը ամիսներ խլած է: