«Հալէպի մէջ մարդկային վիճակը կրնայ տագնապալի դառնալ». այսօր այսպէս յայտարարած է գերմանական «Կարմիր խաչ»ի տնօրէնը: Րոտոլֆ Զայթըրզ, որ խօսած է «Րայնշէ փոսթ» պարբերականին, մտավախութիւն յայտնած է, թէ «եթէ Հալէպի մէջ յառաջիկայ ժամերուն հրադադար չյայտատրարուի, քաղաքին մէջ մարդկային ընդհանուր իրավիճակը կրնայ տագնապալի դառնալ»: Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ, արձագանքելով Մոսկուայի պահանջին, այսօր Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի հարցով ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պիտի գումարէ: