Ըստ AFP գործակալութեան Հալէպի բնակչութիւնը յաջողած է վերջերս ահաբեկիչ զինեալներու ճիրաններէն ազատագրուած արեւելեան շրջաններ: Ըստ նոյն աղբիւրին Հալէպի ընդդիմադիրներուն ձեռքը եղող շրջաններուն վաթսուն առ հարիւրը արդէն իսկ ազատագրուած է: Կը հաղորդուի նաեւ, որ այսօր մեծ թիւով հալէպցիներ պետական մարմիններու տրամադրած փոխադրակառքերու շնորհիւ անցած են քաղաքի արեւելեան մաս: Փոխադրակառքերուն վրայ զետեղուած են Սուրիոյ նախագահին նկարները, սուրիական եւ ռուսական դրօշակներուն հետ միատեղ: Քանդուած եւ փոսերով լեցուն ճամբուն ընթացքին ուղեւորները ափսոսանքով ու ողբով դիտած են կիսաքանդ, ամբողջութեամբ փլատակ կամ վնասուած տուներուն վիճակը: Ուղեւորութեան ընթացքին ժողովուրդին ապահովութեան համար բանակը ստուգողական աշխատանքներ կատարած է: Հալէպի ներքին փոխադրամիջոցի ընդհանուր տնօրէն՝ Հիւսէյն Սուլէյման պատասխանելով ժողովուրդի հարցումներուն յայտնած է , թէ առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5-ը փոխադրակառքերը պիտի աշխատին եւ իւրաքանչիւր փոխադրակառք իր հետ պիտի առնէ 100 ուղեւոր: