image

Հալէպի բնակիչները յաջողած են ազատագրուած շրջաններ այցելել

Հալէպի բնակիչները  յաջողած են  ազատագրուած շրջաններ այցելել

 Ըստ AFP   գործակալութեան   Հալէպի բնակչութիւնը  յաջողած է    վերջերս    ահաբեկիչ զինեալներու  ճիրաններէն ազատագրուած արեւելեան  շրջաններ:  Ըստ նոյն աղբիւրին   Հալէպի  ընդդիմադիրներուն  ձեռքը եղող շրջաններուն վաթսուն առ հարիւրը արդէն իսկ ազատագրուած է: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ  այսօր մեծ  թիւով հալէպցիներ   պետական մարմիններու   տրամադրած   փոխադրակառքերու   շնորհիւ    անցած են     քաղաքի արեւելեան մաս: Փոխադրակառքերուն վրայ զետեղուած են Սուրիոյ նախագահին նկարները, սուրիական եւ ռուսական դրօշակներուն հետ միատեղ: Քանդուած եւ փոսերով լեցուն ճամբուն ընթացքին ուղեւորները ափսոսանքով ու ողբով    դիտած են կիսաքանդ, ամբողջութեամբ փլատակ կամ վնասուած տուներուն վիճակը: Ուղեւորութեան ընթացքին ժողովուրդին ապահովութեան համար բանակը ստուգողական   աշխատանքներ կատարած է:   Հալէպի ներքին փոխադրամիջոցի ընդհանուր տնօրէն՝ Հիւսէյն Սուլէյման պատասխանելով ժողովուրդի հարցումներուն յայտնած է , թէ առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5-ը  փոխադրակառքերը պիտի աշխատին  եւ իւրաքանչիւր փոխադրակառք իր հետ  պիտի  առնէ  100  ուղեւոր: