image

Հալէպէն զինեալները դուրս բերելու գործողութիւնները կասեցուեցան

Հալէպէն զինեալները դուրս բերելու գործողութիւնները կասեցուեցան

Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ մնացած զինեալները դուրս բերելու գործողութիւնները կասեցուած են, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը, վկայակոչելով դուրս բերման գործողութիւնները հսկող սուրիացի պաշտօնեաներէն մէկուն յայտարարութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Քաֆարիա եւ Ալ Ֆաուաա շրջաններու բնակիչները փակած են Ռամուսէի անցքը՝ պահանջելով հիւսիսային Իտլիպի երկու շրջապատուած աւաններէն դուրս բերել խաղաղ բնակչութիւնը, աւելցնելով, որ զինեալ խմբաւորումները արդէն երկու օր է, որ կ'արգիլեն Կարմիր Մահիկի, ինչպէս նաեւ զոհուածներն ու վիրաւորները դուրս բերել փորձող հանրակառքերու մուտքը Քաֆարէա եւ Ալ Ֆաուաա շրջաններ:

«Ալ Իխպարիէ Ալ-Սուրիէ» կայանը յայտնած է, որ զինեալ խմբաւորումները նպատակ ունին դուրս գալու ժամանակ իրենց հետ գերիներ վերցնել, բան մը, որ համաձայնութեան խախտում կը համարուի: Մինչդեռ սուրիական հանրային կայանը յայտարարած է, որ Հալէպի ահաբեկչական խմբաւորումները զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելով Ռամուսէի անցքին ուղղութեամբ կրակոցներ կ'արձակեն:

Աւելի շուտ յայտարարուած էր, որ նախքան դուրս բերման գործողութիւններու կասեցումը պայթումի ձայներ լսուած էին Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ, մասնաւորապէս այնտեղ, ուրկէ զինեալներ տեղափոխող հանրակառքերը կը հեռանան:

Նշենք, որ ըստ Առողջապահութեան Միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչին, Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ հիւանդանոցները լեցուն են տարբեր տեսակի վնասուածքներ ստացած հիւանդներով: