image

Ընդդիմութիւնը 3-րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ բողոքի գործողութիւնները

Ընդդիմութիւնը  3-րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ բողոքի գործողութիւնները

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» կուսակցութիւններու խումբի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը երէկ յայտարարած էր, որ այսօր՝ ժամը 11-ին, պիտի հաւաքուին Կառավարական 3-րդ շէնքի մօտ: Ոստիկաններն արդէն ամբողջութեամբ շրջափակած են «Խաչքարերու պուրակը»:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի երէկուայ յայտարութեան, վարչապետը այսօր Կառավարական 3-րդ շէնք պիտի գայ, իսկ իրենց հաւաքի նպատակը վարչապետի համար խոչընդոտ ստեղծելն է:

Ոստիկանները Կառավարական 3-րդ շէնքի տարածք հասնիլ կը թողեն միայն այն լրատուամիջոցներուն, որոնք ունին համապատասխան վկայականներ կամ անձը հաստատող փաստաթուղթեր: Այդուհանդերձ, քիչ առաջ վարչապետ Փաշինեանը «Խաչքարերու պուրակով» քալելով եկաւ եւ մուտք գործեց Կառավարական 3-րդ շէնք, մի քանի ցուցարարներ ալ հեռուէն տարբեր վանկարկումներ ըրին: Հիմա ալ ոստիկանները ցուցարարներուն բերման կ'ենթարկեն: