image

Հալէպ. Թէժ մարտերը կը շարունակուին. Բանակը զինեալներէն կը պահանջէ հեռանալ

Հալէպ. Թէժ մարտերը կը շարունակուին. Բանակը զինեալներէն կը պահանջէ հեռանալ

Ծանր մարտերը կը շարունակուին Հալէպի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ BBC Arabic կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ , որ ծանրագոյն մարտեր տեղի կ'ունենան Պոսթան Փաշա, Շէյխ Խտըր, Սուլայման Հալապի եւ Հայ Սախուր հատուածներուն մէջ: Նշենք, որ Սուրիոյ բանակը երէկ յետմիջօրէին իր տիրապետութեան տակ առած էր «Ալ Քընտի» հիւանդանոցի շրջանը, որ իր բարձր դիրքին համար կը հանդիսանայ ռազմավարական կարեւոր կէտ: Բանակը նոյնպէս առաջ գացած է Հանտարաթ եւ Մահամէլ Շըքիֆ շրջաններուն մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բանակը «Ալ Քընտի» հիւանդանոցի շրջանին տիրապետելէ ետք դիւրութեամբ տիրացաւ «Ալ Ժընտոլ» շրջանին:

 Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ բանակին կողմէ զինեալներուն անձնատուր ըլլալու վերաբերեալ արձակուած կոչերուն,  ըստ տարբեր աղբիւրներու ընդդիմադիր ջոկատներ կը մերժեն անձնատուր ըլլալ, հետեւաբար շատ հաւանական է, որ այդ շրջաններուն մէջ թէժ մարտերը պիտի շարունակուին: