Չորեքշաբթի 6 յունիսին նահատակ Յարութ Պաղտոյեանի աճիւնները ժամանակաւոր գերազմանատունէն Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն պիտի փոխադրուին: Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուց զոհուած զինուորի մայր ՝ Սօսի Թաթուրեան-Պաղտոյեանը, նշելով, որ իր զաւակը մինչ այդ թաղուած էր Հալէպի Քարմելիթթներու վանքի շրջափակին մէջ:
Սօսի Թաթուրեան-Պաղտոյեան «Արեւելք»ին նաեւ տեղեկացուց, որ ինք երկու շաբաթ առաջ դիմած էր Ազգային Առաջնորդարան, խնդրելով որ զաւկին աճիւնները տեղափոխեն Ազգային գերեզմանատուն: Ան նաեւ նշեց, որ անցեալ չորեքշաբթի այլ նահատակի մը՝ Գէորգ Ժան Մկրտիչեանի աճիւնները եւս տեղափոխած են Ազգային գերեզմանատուն:
Անոր հաղորդմամբ, աճիւններու տեղափոխութեան ծախսերը կը հոգայ Ազգային Առաջնորդարանը: Տեղափոխման ընթացքին ներկայ 'ըլլայ նաեւ քահանայ հայր մը, որ աղօթք կ'ընէ նոր գերեզմանին վրայ: «Առաւօտեան ժամը 8-ին կը սկսի գերեզմանը փորելու աշխատանքը, մենք ժամը 7-էն պիտի ուղղուինք գերեզմանատուն, շատ ծանր օր մը պիտի ըլլայ մեզի համար»,- ըսաւ Տիկ. Սօսին:
Յիշեցնենք, որ 1992-ի ծնունդ Յարութ Պաղտոյեան զինուորական ծառայութեան սկսած էր 1 Օգոստոս 2011-ին, Դամասկոս, երբ դէպքերը նոր սկսած էին: Ան նահատակուած է 17 Օգոստոս 2016-ին, որուն մասին հարազատները իմացած էին նահատկութենէն տասներկու օր ետք: «Մինչեւ հիմա ես չեմ հաւատար, թէ ան այլեւս չկայ եւ ալ պիտի չվերադառնայ... Միշտ յոյս մը կայ մէջս, կը կարծեմ որ ան ետ պիտի վերադառնայ, որովհետեւ ես չտեսայ անոր դիակը...», զրոյցի մը ընթացքին «Արեւելք»ին ըսած էր նահատակի մայրը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Պաղտոյեաններու ընտանիքը մինչ Սուրիոյ պատերազմը Կոպրոս կ'ապրէր եւ միայն դէպքերէն մէկ տարի առաջ՝ 2010 թուականին, պայմաններու բերումով ստիպուած վերադարձած էին Հալէպ, որմէ մէկ տարի ետք նահատակ Յարութ Պաղտոյեանը զօրակոչուած էր ծառայութեան: