image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Հայ Աւետարանական եկեղեցիները ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 101 –րդ տարելիցը

Հալէպ. Հայ  Աւետարանական եկեղեցիները ոգեկոչեցին  Հայոց Ցեղասպանութեան 101 –րդ  տարելիցը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Համայնքապետ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի, Կազմակերպութեամբ՝ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Սուրիոյ Բաժնի,  24  ապրիլ-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101 ամեակի նուիրուած ոգեկոչման Միացեալ հանդիսութիւն, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիար Տիգրան Գէորգեան, հոգեւոր հովիւներ, Պետական ներկայացուցչական աւագանին, Պաաս Կուսակցութեան կուսակցապետը՝ Տիար Ահմատ Սալէհ Իպրահիմ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ժողովներ եւ ժողովուրդ, Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Տնօրէնութիւններ եւ ուսուցչակազմեր, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Հանդիսութեան ընթացքին Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան մատուց պատգամ, նիւթ ունենալով՝ «Ապրիլ 24, Յիշելու եւ Յիշեցնելու Հրամայականը Ամբողջ Աշխարհի Պահանջատիրութեան Ուղիով »:

Գեղարուեստական բաժինը կ՛ընդգրկէր՝ ասմունք՝ «Ափ մը Մոխիր», կատարողութեամբ՝ Օր. Անժելլա Տաղլեանի, երգ՝ "موطني", “Դարձի՛ր Ազգս Հայ», "بلاد العرب أوطاني", «Անմոռուկ», կատարողութեամբ՝ Օր. Արմանի Հերա Սելիմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանի եւ Սրինգի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Լիզա Սահակեան Կիվողլանեանի, Նուագ՝ «Արեւածագ, Վերապրում», կատարողութեամբ՝ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանի եւ Տիկ. Լիզա Սահակեան Կիվողլանեանի: Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին Տիար Համբիկ Հեքիմեան կատարեց մեներգ, ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը նկարագրէր Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակը: Ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին Պաաս Կուսակցութեան կուսակցապետը փոխանցեց իր սրտին խօսքը այս առթիւ:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութեան աղօթքով: Ապա ներկաները ուղղուեցան Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի շրջափակ, Սուրիական եւ Հայկական քայլերգներու ունկնդրումէն ետք, կատարողութեամբ՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի փողերախումբին, իւրաքանչիւր մարմին մատուց յարգանքի տուրք յուշակոթողին առջեւ, նաեւ զետեղեց ծաղկեպսակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու անմեռ յիշատակին առաջ: