image

Հակառակ դժուար պայմաններուն Պէյրութի ՀՀ դեսպանատունը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Հակառակ  դժուար  պայմաններուն Պէյրութի  ՀՀ դեսպանատունը  կը շարունակէ իր աշխատանքները

Հակառակ  Լիբանանի մէջ տիրող   բաւական դժուարին  պայմաններուն,  Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան    դեսպանատունը  պիտի  շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Այս մասին  վերահասու դարձանք  Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան    դիմատետրի էջէն, որ աւելի  վաղ    յատուկ  հաղորդագրութեամբ  մը հանդէս եկաւ։

Դեսպանատունը նաեւ կոչ ըրած  է    Լիբանանի   քաղաքացիներուն՝ միայն  հրատապ  եւ անհետաձգելի     խնդիրներու համար այցելել ՀՀ դեսպանատուն։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  որ   Հայաստան  մեկնիլ փափաքող բոլոր հայրենակիցները   իրենց  մուտքի արտօնագիրը կրնան ստանալ   Երեւանի  «Զուարթնոց»  օդակայանէն։