Գերմանիա- («Ալ-Քուտս»-Լոնտոն)- Հակա-Իսլամ «Պակիտա» (BAGIDA) (Ազգային եւրոպացիներ Արեւմուտքի իսլամացման դէմ) շարժման հազարաւոր կողմնակիցներ Կիրակի օր հաւաքուած են Գերմանիոյ Տրէստըն քաղաքի կեդրոնը, նշելու շարժման սկզբնաւորման երկրորդ տարին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ երկամեակը կը նշուէր, հակառակ համակիրներու թիւի նուազումին, որ նախորորդ տարիներուն, 2015- սկիզբը հասած էր 25 հազարի:
Նշենք, որ շուրջ 900 հազար փախստականներ, մեծամասնութեամբ իսլամներ, Գերմանիա մուտք գործած էին 2015-ին, ինչը հանրային մտահոգութիւն բարձրացուցած էր, թէ երկիրը ինչպէս պիտի կարողանայ զբաղուիլ այս ներհոսքին հետ: Այս տարի եւս աւելի քան 200 հազար գաղթական հասած է Գերմանիա:
Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը երթի մասնակիցներու թիւը չէ յայտարարած, սակայն իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ 1700 ոստիկան տեղակայուած էր Տրէտսընի տարածքին եւ ցոյցերը անվնաս աւարտած են:
Ներքին գործոց նախարար Թոմաս տը Միւզըր, որ կը բնակի Տրէստընի մէջ, գերմանական թերթերէն մէկուն ըսած է, որ ինք կը յուսայ որ «BAGIDA»-ի երկրորդ ամեակը ըլլայ վերջինը, եւ քաղաքը մնայ բաց եւ հանդուրժող, հակառակ «BAGIDA»-ի ներկայութեան: