image

Ղութայէն ետք Դամասկոսի վիճակը արագօրէն պիտի բարելաւուի. Դամասկահայ Շանթ Քէշիշեան

Ղութայէն ետք Դամասկոսի վիճակը  արագօրէն պիտի բարելաւուի. Դամասկահայ Շանթ Քէշիշեան

-Վերջին օրերուն ուշի ուշով կը հետեւինք Դամասկոսի դէպքերուն, շատ տեղեկութիւններ կային, որ բանակը վերջնականապէս պիտի գրաւէ Արեւելեան Ղութայի ամբողջ շրջանը՝ ներառեալ Տուման, ի՞նչ պատահեցաւ, որ Տումայի գրաւումը յետաձգուեցաւ, ի՞նչ է իրավիճակը գետնի վրայ, յատկապէս որ ահաբեկիչները տարբեր առիթներով հրթիռներ նետեցին Դամասկոսի տարբեր շրջաններուն վրայ, ուր արձանագրուեցան զոհեր:

Ինչ կը վերաբերի Դամասկոսի շուրջ զարգացած վերջին իրավիճակի մասին, ինչպէս արդէն լսած էք լուրերէն, Ղութայի շրջանը անցնող մի քանի շաբաթներուն գրեթէ մեծամասնութեամբ անցաւ պետութեան կամ սուրիական բանակի  տիրապետութեան տակ, այդ գիւղերէն մաս մը յանձնուեցան զինուորական գործողութիւններու հետեւանքով եւ մաս մըն ալ համաձայնութիւններ կնքեցին եւ զինեալները իրենց ընտանիքներով փոխադրուեցան դէպի Իտլիպ նահանգը. այդ կարեւոր շրջաններն էին Դամասկոսի աւելի մօտ Ժաուպար, Այն Թարմա, Քաֆար Պաթմա եւ այլ  գիւղերը եւ կը մնար մեծագոյն քաղաքը, որ կեդրոնն էր Ղութայի՝ Տումա քաղաքը:  Երբ Ղութայի մնացեալ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ զինեալները յանձնուեցան եւ համաձայնութիւններ կնքեցին ռուսերու միջնորդութեամբ, խօսք կար որ Տուման ալ նման համաձայնութիւն մը կնքած է եւ անոր համար յայտարարուեցաւ թէ այլեւս Դամակոս ապահով է: Եւ իրապէս Տումա  քաղաքէն ալ բաւական թիւով զինեալներ հեռացան դէպի Ժարապլոս, հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող սուրիական քաղաքը, որ ներկայիս թրքական ուժերու եւ անոնց դաշնակիցներու տիրապետութեան տակ է , սակայն ըստ երեւոյթին այդ համաձայնութիւնը ինչ որ տեղ խախտած է եւ կասեցուեցաւ այդ ընթացքը: Եւ այսպէս, երկու շաբաթ տեւած խաղաղ վիճակէն ետք յանկարծ  ուրբաթ կէսօրէ ետք զինուորական գործողութիւնները վերսկսան Տումայի մջ, սուրիական բանակը ըստ երեւոյթին յարձակեցաւ եւ նոյն ժամանակ Դամասկոսի վրայ սկսան անգամ մը եւս հրթիռներ տեղալ, մինչ կը կարծուէր որ այլեւս պիտի չպատահէր այդ մէկը:


-Ինչքանո՞վ հեռու է ձեր ապրած շրջանը Տումայէն, այդ առումով ռումբերու ձայներ կը լսուի՞ն, ի՞նչ տրամադրութիւններ կան ձեր շրջանի բնակիչնեուն մօտ:

Մենք  կը բնակինք Մազզէ կոչուած շրջանին մէջ, որ հայաշատ չէ, բայց անշուշտ կան սակաւաթիւ հայ ընտանիքներ: Անցնող օրերուն այսինքն ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն այս շրջանի վրայ էր աւելի կեդրոնացումը: Մազզէ մեծ մթաղամաս է, որուն մէկ շրջանը կը կոչուի «Մազզէ 86» շրջան, որ պատերազմի ժամանակ շատ անգամներ թիրախ դարձաւ, եւ որ կը համարուի պետութեան համակիրներու կամ բանակի ընտանիքներու բնակութեան վայր մը: Մազզէն Տումայէն մօտ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի , այդ շրջանը ապօրինի շինութիւններու շրջան մըն է, ուր ոչ թէ միայն բանակի կամ պետութեան համակիրներ կը բնակին, այլ շատ աղքատներ, որոնք այնտեղ կը բնակին որովհետեւ աւելի աժան են տուները, վարձքերը եւ դժբախտաբար միշտ անմեղ մարդիկ կը զոհուին այս տեսակ յարձակումերուն:

Ուրեմն  յարձակումները թիրախ ունէին այդ Մազզէյի շրջանը եւ անշուշտ շրջակայքը, քանի որ հրթիռները այդքան ալ ճշգրիտ չեն կրնար ըլլալ եւ անոնք նորէն փորձեցին հարուածել քաղաքի կեդրոնը գտնուող Ումաուիի հրապարակը, որուն շուրջ տեղակայուած են Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Զինուորական հրամանատարութիւնը եւ շատ մը կարեւոր այլ պետական շէնքեր: Ափսոս նորէն 7-8 զոհեր եւ ահաքին վիրաւորներ եղած է: Այս է ներկայիս իրավիճակը, մեր շրջանին մէջ անշուշտ մարդիկ սպասողական, զգուշաւոր վիճակի մէջ են, չէին սպասեր այս զարգացումը:


-Տեղեկութիւններ կան, որ բանակը յառաջիկայ օրերուն վերջնականապէս պիտի աւարտէ Տումայի գործողութիւնը եւ այդ շրջանները ամբողջութեամբ պիտի անցնին բանակի եւ Սուրիոյ կառավարութեան հսկողութեան տակ, ինչքանո՞վ ճիշդ կրնան ըլլալ այս տուեալները, դուք ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այս առումով:

Լուրեր կային, որ Տումայի զինեալները պատրաստ են բանակցելու   եւ  իրապէս այդ լուրերը ճիշդ  դուրս  եկան: Տումա  գտնուող «Ժայշ ալ իսլամ»  խմբաւորման ահաբեկիչ զինեալները համաձայնութեան եկան եւ իրենց ընտանիքներով հեռացան այդ աւանէն: Այս մէկը անշուշտ կարեւոր  ձեռքբերում է եւ բանակին եւ Սուրիոյ կառավարութեան համար: Անշուշտ Տումայէն զատ տակաւին Դամասկոսի հարաւային շրջանը կը մնայ նոյնպէս վտանգաւոր կէտ մը, պաղեստինեան «Եարմուք» գաղթակայանը, որ մեծ քաղաք է ինքնին,  իր յարակից շրջաններով կը  շարունակէ մնալ  ընդդիմադիրներու եւ «Տահէշ»ի նման  ծայրայեղական  խմմբաւորումներու տիրապետութեան  տակ: Խօսքեր կան, որ հոն ալ կրնայ կացութիւնը բռնկիլ եւ  նոյնպիսի վտանգ ստեղծել Դամասկոսի համաար:

 

- Ներկայիս ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն  Դամասկոսի մէջ եւ արդեօք դուք որպէս երիտասարդ մը, որ Դամասկոս կ'ապրի եւ կը գործէ, ընդհանրապէս վտանգուած կը տեսնէք Դամասկոսի հայկական գաղութի համայնքի ապագան:

Նախքան այս վերջին խնդիրները, երկու շաբթուան խաղաղութիւնը շատ մեծ դրական իրավիճակ ստեղծած էր քաղաքին մէջ, շարժումը բնական էր, հայկական առումով բոլոր միութիւնները սկսած էին մտածել, ծրագրել, այն հիման վրայ կ'աշխատէին, որ խաղաղ իրավիճակ պիտի ստեղծուի, այսինքն ապրիլեան նահատակներու հանդիսութիւնը, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան նուիրուած տօնախբութիւնները կը ծրագրէին: Տեսնենք թէ  այս 1-2 օրերը ինչպէս կը դասաւորուին հարցերը, քանի որ ոչ մկէը ըսածիս պէս կրնայ գիտնալ:

Եթէ այս զինուորական գործողութիւնները Դամասկոսի շուրջ վերջ գտնեն,  ապա բաւականին ապահով վիճակ կը ստեղծուի ոչ միայն դամասկահայութեան համար, որ արդէն փոքրաթիւ գաղութ մըն է, այլ ամբողջ Դամասկոսի ժողովուրդին համար, որ կրնայ աւելի բնականոն կեանքով ապրիլ: Որպէս հայութիւն, անշուշտ այս  եօթ տարիներուն ընթացքին գաղութը մեծ կորուստներ կրեց թուային իմաստով եւ երիտասարդութեան թիւի նօսրացման վերաբերեալ: Այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործէին եւ աւելի մեծ թիւ ունէին, անոնք տակաւին կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, իսկ ուրիշներ, որ աւելի քիչ թիւ ունէին կամ աւեի վնաս կրեցին, անշուշտ անոնց գործունէութիւնը աւելի դժուար եղած է ներկայիս: Օրինակի համար ես եւ մեր ընտանիքը կը պատկանինք Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքին, որ կը բաղկանայ թէ՛ հայախօս ընտանիքներէ եւ թէ՛ արաբախօս ընտանիքներէ. հայախօս ընտանիքները թիւով աւելի քիչ էին, մօտ հարիւր ընտանիք, բայց այդ 100 ընտանիքը ունէր եւ ունի տակաւին Հայ Կաթողիկէ Միութիւն , որ համայնքէն ներս կը գործէ իր պատանեկան կամ սկաուտական խումբով,  ունէր «Քնար երգչախումբ»ը, որ կը հաւաքէր գաղութի շատ մը երիտասարդներ սակայն այդ   բոլորը ներկայիս  դադրած են: