Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Մոսկուա, ղարաբաղեան հիմնախնդրի զարգացումներուն մասին խօսած է: Լարիժանի ըսած է, որ իրենց համար անընդունելի է, որ շրջանին մէջ (Կովկաս) նոր պատերազմ մը հրահրուի: Իրանցի պատասխանատուն նաեւ նշած է, որ Մոսկուան, Թեհրան եւ այլ գործընկերներ կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրեն՝ խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար: Անոր կարծիքով, ղարաբաղեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ բացառապէս խաղաղ ճանապարհներով: