image

Ղարաբաղեան հարցով Լարիժանի կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է Մոսկուայի մէջ

Ղարաբաղեան  հարցով  Լարիժանի   կարեւոր յայտարարութիւն  կատարած է Մոսկուայի մէջ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան  խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, որ պաշտօնական   այցելութեամբ կը գտնուի  Մոսկուա, ղարաբաղեան  հիմնախնդրի    զարգացումներուն մասին խօսած է: Լարիժանի ըսած է, որ իրենց համար  անընդունելի է, որ  շրջանին մէջ (Կովկաս)  նոր պատերազմ մը հրահրուի:  Իրանցի պատասխանատուն նաեւ  նշած է, որ    Մոսկուան, Թեհրան եւ այլ գործընկերներ կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրեն՝  խնդրի  խաղաղ  կարգաւորման համար: Անոր  կարծիքով,  ղարաբաղեան  հարցը  պէտք է լուծում ստանայ բացառապէս խաղաղ  ճանապարհներով: