Թուրքիա- (Reuters)Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանի գործակատարը իր մօտ կանչած է, Գոլոնիա քաղաքին մէջ հանրահաւաքի ընթացքին Էրտողանի խօսքի հեռասփռումին դիմաց դրուած արգելքին մասին հարցում կատարելու: Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը: շենք, որ երէկ Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքին մէջ Էրտողանին զօրակցելու համար եղած հանրահաւաքին մասնակցած են Թուրք ծագում ունեցող աւելի քան 30 հազար քաղաքացիներ: Քաղաքի դատարանը նախքան հաւաքին կայացումը որոշում մը հրապարակելով արգիլած էր Էրտողանի «պատգամ»ին հեռասփռումը: