image

Գամիշլիի պայթումը արդիւնք է ականուծ ինքնաշարժի. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի  պայթումը     արդիւնք է ականուծ  ինքնաշարժի. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

 Երէկ գիշեր Գամիշլիի մէջ գրանցուած պայթումը ականուած ինքնաշարժի արդիւնք էր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ պայթումը եղած է «Տուար Ալ Րայիս» հրապարակին մօտ, որ կը գտնուի հայկական թաղամասերէն շուրջ 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ պայթումին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ (տեղացի քիւրտ պատասխանատու մը, որուն ինքնաշարժին մէջ դրուած էր ականը) եւ վիրաւորուած են 3  անձեր:

  Վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան: Կացութիւնը Գամիշլիի մէջ կը շարունակէ մնալ սպասողական: