image

Եւրոպա Հասնող Գաղթականներուն Մէջ Ահաբեկիչներ Կան. Պաշշար Ասատ

Եւրոպա  Հասնող Գաղթականներուն Մէջ Ահաբեկիչներ Կան. Պաշշար  Ասատ

 Սուրիա («Ալ Քալիմա Օնլայն»- Պէյրութ) Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատի համաձայն  Եւրոպա   հասնող  գաղթականներուն մեծ մասը   սուրիացի ազնիւ քաղաքացիներ են, որոնք ստիպուած եղած են երկիրը լքել: Ասատ  այս կարծիքը յայտնած է չեխական   կայանի մը  տրուած  հարցազրոյցի մը ընթացքին: Նախագահ Ասատ նաեւ ըսած է, որ չի բացառուիր, որ Եւրոպա ժամանած  գաղթականներուն մէջ   նաեւ ահաբեկիչներ ըլլան: