image

«Եթէ Ամերիկա որոշեց զիս արտայանձնել, ապա ես իմ ձեռքովս ետդարձի տոմսս պիտի գնեմ». Ֆէթհիւլլա Կիւլէն

«Եթէ Ամերիկա որոշեց  զիս արտայանձնել, ապա ես իմ  ձեռքովս ետդարձի տոմսս պիտի գնեմ». Ֆէթհիւլլա  Կիւլէն

Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէն   հարցազրոյց տուած է ամերիկեան Politico ամսագրին, ուր խոստովանած է, որ ինք եւ իր  համակիրները չեն զղջար իրենց դիրքորոշման համար:

Ան խուսափած է յստակ պատասխանելէ այն հարցին, թէ արդեօք կ'ընդունի Էրտողանի կողմէ հնչած մեղադրանքները, սակայն խոստովանած է, որ իր եւ Էրտողանի միջեւ անհամաձայնութիւնները սկսած են այն ժամանակուընէ, երբ Էրտողան սկսած   է ամէն կերպ երկրի մէջ նախագահական համակարգ հաստատելուփորձը:

Կիւլէն նաեւ հերքած է այն պնդումները, որ ինքն ու Էրտողանը ժամանակին մտերիմ եղած ան: Կիւլէն շեշտած է, որ ինք անձամբ Էրտողանի հետ հանդիպած է 2-3 անգամ եւ  բոլոր հանդիպումները   եղած են ընտրութիւններէն առաջ:

Կիւլէն նաեւ պատասխանած է այն հարցին, թէ ինչ կ'ընէ, եթէ ԱՄՆ-ն որոշէ արտայանձնել զինք Թուրքիոյ եւ վստահեցուցած է, որ եթէ նման բան կատարուի, ապա կարիք չըլլար զինք Թուրքիա ուղարկելու, քանի որ այդ ժամանակ արդէն ինքն իր ձեռքով կ'երթայ տոմս կ'առնէ ու կը հեռանայ ԱՄՆ-էն: Այնուամենայնիւ, Կիւլէն յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն այս հարցի մէջ հաւատարիմ կը մնայ մարդու իրաւունքներու ու ազատութեան հիմնարար իր սկզբունքներուն: