Ռուսաստանի նախագահ Փութինը Արեւելեան Ղութայէն ետք, նպատակ ունի յառաջիկայ օրերուն վերջնական կարգաւորման բերել Իտլիպի հարցը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սակայն Փութին չ'ուզէր Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման համաձայնութեան տակ ստորագրեն Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը, առանց Ասատին:
Այդ պատճառով, Փութին եւ Ռուհանի կ'ուզեն, որ նախագահ Ասատ մասնակցի Պոլսոյ գագաթնաժողովին, մանաւանդ, որ ամբողջ աշխարհը, որոնց շարքին Սէուտական Արաբիան եւ Ամերիկան խոստովանեցան Ասատի յաղթանակը եւ իշխանութեան վրայ մնալու իրականութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն սակայն, Ասատ պայման դրած է, որ Թուրքիոյ նախագահը անձամբ զանգէ իրեն եւ հրաւիրէ, որուն արդիւնքով գագաթնաժողովը պիտի դառնայ քառակողմ՝ Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մասնակցութեամբ:
Փութին փորձելով համոզել Ասատը ըսած է, որ «Էրտողանը օդակայան պիտի ներկայանայ քեզ դիմաւորելու, իսկ ես ութ ռազմական օդանաւեր պիտի պահանջեմ Սուրիայէն Թուրքիա քու օդանաւիդ ուղեկցելու համար»: Սակայն Ասատ շարունակած է մերժել, պահանջելով Էրտողանի անձնապէս իր հետ կապուիլը եւ զինք Պոլիս հրաւիրելը: