image

Էրտողան. Սուրիացի փախստականները Թուրքիոյ քաղաքացի պիտի դառնան

Էրտողան. Սուրիացի  փախստականները  Թուրքիոյ քաղաքացի պիտի դառնան

Թուրքիա - («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ)  Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան   յայտարարած է, թէ  իրենք մտադիր են  սուրիացի բոլոր փախստականներուն քաղաքացիութիւն շնորհել: Էրտողան, որ խօսած է  Սուրիոյ  հետ սահմանակից   աւանի մը մէջ  տեղի ունեցած  հանդիսութեան մը ընթացքին նաեւ ըսած է, թէ իրենց կեցուածքները անփոփոխ են Սուրիոյ խնդրին վերաբերեալ, նշելով, որ «Ասատ  աւելի վատ է քան Տահէշը եւ ան պատճառ դարձած է  600 հազար   սուրիացիներու  սպաննութեան»: