Լիբանան (Լրատուական գործակալութիւններ-) Անձնասպանական երկու պայթումներ գրանցուած են Պեքաայի Ալ Քահ աւանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնող աղբիւրներ ըսած են, որ 2 ահաբեկիչներ ձեռնառումբեր նետած ու ապա իրենք զիրենք պայթեցուցած են գիւղի կեդրոնը գտնուող «Սուրբ Եղիա» եկեղեցիին մօտ: Պայթումներուն պատճառով ինկած են տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ MTV կայանին, աւանին մէջ սարսափի մթնոլորտ կը տիրէ, եւ բնակիչները փակուած կը մնան իրենց տուներուն մէջ: Նշենք, որ երէկ առաւօտ կանուխ չորս անձնասպաններ իրենք զիրենք պայթեցնելով՝ պատճառ դարձած էին 5 անձերու սպաննութեան եւ դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած էին տասնեակ ուրիշներ: Քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող այս աւանը կը գտնուի Լիբանան- Սուրիա սահմանային հատուածին մօտ ըստ ապահովական մարմիններու, ահաբեկչութիւնը իրականացնողները սուրիացիներ են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Լիբանանեան բանակի ջոկատներ շրջան կ'ուղղուին եւ կը տարածուին աւանը շրջապատող հատուածներուն վրայ: