image

Երկու պայթում եւս Ալ Քահի մէջ. Աւանին մէջ սարսափի մթնոլորտ կը տիրէ

Երկու   պայթում եւս Ալ Քահի  մէջ. Աւանին  մէջ  սարսափի մթնոլորտ  կը տիրէ

Լիբանան (Լրատուական  գործակալութիւններ-) Անձնասպանական երկու պայթումներ   գրանցուած են Պեքաայի  Ալ Քահ  աւանին  մէջ:  Այս մասին տեղեկութիւնը  յայտնող աղբիւրներ  ըսած են, որ  2 ահաբեկիչներ   ձեռնառումբեր նետած  ու ապա իրենք զիրենք պայթեցուցած են   գիւղի կեդրոնը գտնուող «Սուրբ Եղիա» եկեղեցիին  մօտ: Պայթումներուն  պատճառով   ինկած են տասնեակ վիրաւորներ:  Ըստ MTV    կայանին,   աւանին մէջ  սարսափի  մթնոլորտ  կը տիրէ, եւ   բնակիչները  փակուած կը մնան իրենց  տուներուն մէջ: Նշենք, որ   երէկ առաւօտ կանուխ   չորս անձնասպաններ  իրենք զիրենք պայթեցնելով՝  պատճառ դարձած էին 5   անձերու սպաննութեան եւ      դէպքին հետեւանքով   վիրաւորուած էին տասնեակ ուրիշներ: Քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող այս աւանը  կը գտնուի Լիբանան- Սուրիա  սահմանային հատուածին մօտ ըստ ապահովական  մարմիններու,    ահաբեկչութիւնը   իրականացնողները սուրիացիներ են: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ   Լիբանանեան  բանակի      ջոկատներ շրջան  կ'ուղղուին եւ  կը տարածուին  աւանը  շրջապատող  հատուածներուն վրայ: