image

Եգիպտոսի մէջ ձերբակալուած է «Ալ Ճազիրա»ի լրագրողը

Եգիպտոսի մէջ ձերբակալուած է «Ալ Ճազիրա»ի լրագրողը

Ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին Եգիպտոսի իրաւասու մարմինները ձերբակալած են «Ալ Ճազիրա» լրատուական ցանցի լրագրողներէն մէկը, երբ վերջինս ընտանիքի անդամներուն այցելութեան մեկնած էր, կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

«Ալ Ճազիրա» ցանցի թուիթըրեան էջին յայտարարուած է. «Եգիպտոսի անվտանգութեան մարմինները ձերբակալած են մեր գործընկեր, «Ալ Ճազիրա»ի Գահիրէի գրասենեակի լրատուական բաժնի խմբագիր Մահմուտ Հուսէյնը, զինք անյայտ վայր տեղափոխելով»:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ երկրի անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած են նաեւ Մահմուտի երկու եղբայրները, եւ անոնց տունը խուզարկութեան ենթարկուած:

Ըստ աղբիւրին, Եգիպտոսի Ներքին Գործոց Նախարարութեան ենթակայ անվտանգութեան մարմնի ներկայացուցիչ մը յայտնած է, որ լրագրողին հետ ներկայիս հարցաքննութիւն կ'իրականացուի՝ «Իսլամական Եղբայրներ» խմբաւորման հետ առնչութիւն ունենալուն շուրջ, առանց անոր դէմ մեղադրանք առաջադրելու:

Յիշեցնենք, որ այն օրէն, երբ Մուհամատ Մուրսիի գահընկեց եղաւ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի յարաբերութիւնները վատթարացան, որմէ ետք եգիպտական իշխանութիւնները «Ալ Ճազիրա»ի շարք մը  լրագրողներ ձերբակալեցին՝ երկու քրէական գործի ծիրէն ներս, որոնցմէ մէկը կը կոչուէր «Մարիոթի ցանց», իսկ երկրորդը՝ «Քաթարի հետ հաղորդակցութիւն»: Նշեալ լրագրողներուն դէմ տարբեր դատավճիռներ հրապարակուեցան, ինչպիսիք էին ազատազրկումը, մահապատիժը եւ արտաքսումը: